ՍԻՐՈՒՆ ԵՐԵՒԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցնող տարիներուն քաղցր աւանդութիւն դարձած է ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն ներս «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի համար աւանդական ընթրիք-հանգանակութիւն կազմակերպել։ Մեկնելով այն հանգամանքէն, որ այս տարի կը լրանայ Երեւան մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2800-ամեակը, համատեղ որոշումովը Վարժարանիս Հայկական բաժանմունքին եւ Աշակերտական խորհուրդին, որոշուեցաւ սոյն ձեռնարկը ձօնել Երեւանին՝ «Սիրուն Երեւան» խորագրով:
Առ այդ, Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր 2018-ին, վարժարանիս «Պօյաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընտանեկան հաւաք-ընթրիք, որ համեմուեցաւ աշակերտական գեղարուեստական հարուստ յայտագրով։
Պատուոյ հիւրերէ, ծնողներէ եւ ՀԲԸ Միութեան համակիրներէ բաղկացած հոծ բազմութիւնը, խանդավառ մթնոլորտի մէջ նախ վայելեց նոյնինքն դպրոցի աշակերտներուն կողմէ սպասարկուած ճոխ ընթրիքը: Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց եւ ամբողջ ձեռնարկը ձեռնհասօրէն վարեց վարժարանիս Հայկական բաժանմունքի վարիչ՝ Օրդ Լորա Գույումճեանը։ Ապա աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական բաժիններով: Պրն Նորայր Տատուրեանի պատրաստութեամբ տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, «Նոր ու հին Երեւան» խորագրով, որու ընթացքին կենդանի կատարումով եւ քնքուշ ձայնով երգեց աւարտական դասարանէն Փոլինա Եթզա, մեկնաբանելով «Երեւանս» երգը։ «Կապոյտ Թռչուն» եղանակին տակ հեզաճկուն մենապարով հանդէս եկաւ տասնմէկերորդ դասարանէն Մանուշակ Արապեան։ Ապա աւարտական դասարանի շնորհալի աշակերտներէն Նանօր Տէր-Պետրոսեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթա»ն։
Ընթրիքի մատակարարումէն ետք վարժարանիս երգչախումբը, խմբավարութեամբ Պրն Պարթեւ Կիւլիւմեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Օրդ Էլմիրա Սիմոնեանի, ներկայացուց երեւանեան երգերու փունջ մը՝ «Երեւան, Երեւան», «Սիրում եմ քեզ իմ Երեւան», «Գարուն Երեւան» եւ «Հէյ ջան, Երեւան», ներկաները մտովի փոխադրելով մեր սիրուն մայրաքաղաքը։ Ապա, վարժարանիս պարախումբը, առաջնորդութեամբ Տիկ Թագուհի Պէզաթեանի, յաջորդաբար ներկայացուց յունական եւ գնչուական պարեր:
Սրտի խօսք արտասանեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր տնօրէն՝ տիար Սարգիս Քոթանճեան, որ խօսեցաւ Հիմնադրամի կարեւորութեան եւ իրագործումներուն մասին, յիշեցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար՝ տիար Նիկոլ Փաշինեանի հետեւեալ կոչը «Կոչ եմ անում վստահել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին»։
Ապա, վարժարանիս «Հայ թատրոն» ընտրովի դասարանի դերակատարները, ղեկավարութեամբ Օրդ Լորա Գույումճեանին, ներկայացուցին իրենց իսկ գրած ծիծաղաշարժ տեսարաններ, առնուած՝ ամերիկահայ ընտանեկան կեանքէն, որոնք բոլորն ալ արժանացան ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն ու բարձր գնահատանքին:
Աւարտին բոլոր ներկաները, վարժարանիս երգչախումբին առաջնորդութեամբ, յոտնկայս երգեցին «Երեւան-Էրեբունի» սքանչելի երգը։ Ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։
Ամբողջ յայտագիրը, իր ընդունելութեամբ եւ գեղարուեստական բարձրամակարդակ ներկայացումով՝ հոգեկան խորունկ լիցք եւ մեծ ուրախութիւն պատճառեց բոլոր ներկաներուն, իսկ աշակերտներուն սիրտը պարուրեց խորունկ գիտակցութեամբ՝ հանդէպ ազգային արժէքներուն եւ սրբութիւններուն։
Ներկաները արբեցած օրուան խորհուրդով եւ մեկնելով աշակերտներու ներկայացուցած հայաբոյր յայտագրէն ու անոնց մատուցած բարի ծառայութենէն, իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին։
Վարձքը կատար մեր սքանչելի աշակերտներուն, կազմակերպիչ ուսուցիչներուն եւ ձեռնարկը քաջալերող ներկաներուն։
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ