Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը Այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութիւնը իր ծանօթացման հանդիպումներու ծիրէն ներս երէկ՝ 16 Նոյեմբեր 2018ի յետմիջօրէին, պատուիրակութեամբ մը այցելութիւն տուաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի.Կաթողիկոս-Պատրիարքին: Հանդիպման ներկայ էին Գերապայծառ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանն ու Գերապատիւ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանը:

Հանդիպումը առիթ մըն էր հոգեւոր տիրոջ հետ քննարկելու Լիբանանն ու Հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր:

Հոգեւոր տէրը յատուկ ուշադրութեամբ մատնանշեց մարդոց մօտ հաւատքի պակասի երեւոյթին մասին, որ մայրն է ամէն չարիքի: Ան նաեւ մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Լիբանանահայ դպրոցի իրավիճակին մասին:

Հոգեւոր տէրը իմացած ըլլալով ՌԱԿի ղեկավար ընկերներէն՝ Հրայր Հովիւեանի մահուան մասին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութեան միջոցով ցաւակցեցաւ հանգուցեալին ընտանիքին եւ գաղափարի բոլոր ընկերներուն:

Աւարտին, Արժանապատիւ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Կաթողիկոս-Պատրիարքը յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթեց ՌԱԿի նորընտիր վարչութեան:

Տեղեկատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին