Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան Այցելեց Մեսրոպեան (լուսանկարներ)

Հայ անուանի լեռնագնաց եւ վազորդ Արա Խաչատուրեան Նոյեմբեր 13-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացաւ վարժարանի գործունէութեան եւ տարբեր բաժանմունքներու:

Այս առիթով, պարոն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ անոնց խօսեցաւ որպէս լեռնագնաց իր փորձառութիւններուն եւ իրագործած նուաճումներուն մասին: Պատասխանելով աշակերտներու բազմաթիւ հարցումներուն, ան բացատրեց իր մարզական այս իւրայատուկ հետաքրքրութիւններուն տուն տուող պատճառները, որպէս լեռնագնաց եւ վազորդ իր հետապնդած նպատակները եւ այդ ճամբուն վրայ իր դիմագրաւած ու յաղթահարած արգելքները:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ յայտնեց իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը վարժարանի յարկին տակ հիւրընկալելու մարդ մը, որ աշակերտներուն համար կրնայ ընկալուիլ որպէս աշխատասիրութեան, կամքի, նպատակասլացութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակ: Տնօրէնը վարժարանին անունով յատուկ վահանակ մը շնորհեց հիւրին` հետեւեալ վերտառութեամբ . “Հայ Դատի Անխոնջ ՆուիրեալԼեռնագնաց ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ`ԼուսնինՀասնելու Երազանքի Իրականացման Մաղթանքով”: Արա Խաչատուրեան, որ նուաճած է աշխարհի բարձրագոյն գագաթները` Էվերեսթն ու Արարատը ներառեալ, իսկապէս ունի երազանքը հասնելու լուսին եւ այնտեղ բարձրացնելու հայկական Եռագոյնը: Ան այս տարուայ ամրան վազքով Մարսէյէն հասաւ Երեւան, 107 օրուան ընթացքին կտրելով 4450 քլմ. տարածութիւն` յանուն համաշխարհային խաղաղութեան:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին