Ինչպէս օրին տեղեկացուցած էինք, Չորեքշաբթի 7 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 8ին, տեղի ունեցաւ «Զարթօնք» Մատենաշարի մեկնարկումի ձեռնարկն ու «Միլիոնէն Մէկը» գիրքի շնորհանդէսը, որ անդրանիկ հրատարակութիւնը կը հանդիսանայ նոր մատենաշարին:
Ներկայ էին Լիբանանի Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչը, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանի ներկայացուցիչը, ՌԱԿի, ԹՄՄի, եւ «Զարթօնք»ի պատասխանատու ընկերներ եւ բարեկամներ ու ընթերցասէր հանրութիւն մը:
Ներկաները ողջունեց «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեան: Ան Յակոբ Օշականէն փոխ առնելով ներկաներուն յիշեցուց, որ «Մագաղաթը աւելի Կ՛ապրի քան մարմարը»: ընկ. Յակոբեան այս միտքը փոխանցեց նմանութիւն ստեղծելով «մագաղաթին» մնայուն արժէքին եւ հրատարակուող գիրքերուն միջեւ երբ արդարացիօրէն մարմարեայ կառոյցներ, նոյնիսկ հզօր բանակներով պաշտպանուած, ժամանակի ընթացքին կործանած ու կորսուած են սակայն գիրով փոխանցուած արժէքները դիմացած են ու հասած մեզի, պատմելով նոյնիսկ այսօր գոյութիւն չունեցող քաղաքակրթութիւններու մասին: Ահաւասիկ այս պատճառով ու հաւատքով է, որ մենք այսօր կը մեկնարկենք մեր մատենաշարը ու լոյս կ՛ընծայենք անոր անդրանիկ հրատարակութիւնը. եզրափակեց ընկ. Յակոբեան:
Այս առիթով ընթերցուեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետի ուղարկած Շնորհաւորագիրը զորս ընթերցեց ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Յակոբ Փափազեան:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին, որ Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէնն է, նոյն ժամանակ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան անդամը: Դոկտ. Տագէսեան «Զարթօնք» Մատենաշարը ու անոր ծննդոցն ու կարեւորութիւնը ներկայացուց ներկայ հիւրերուն (Դոկտ. Տագէսեանի խօսքը կողքի էջերուն մէջ կը հրատարակենք ամբողջութեամբ):
«Միլիոնէն Մէկը. Ցեղասպանութեան Ականատէս Զէյթունցի Պատանիի մը Յուշերը» գիրքը մանրամասնօրէն եւ իւրայատուկ ոճով ներկայացուց լիբանանահայ մտաւորական Լեւոն Արտազեանը: Ան իր ընկ. Տոքթ. Յակոբ Փափազեան
ներկայացման մէջ ի միջի այլոց շեշտեց. «Ջարդէն վերապրողներու յուշերը, ըլլա՛ն անոնք բերանացի կամ գրաւոր, մեր մտքին մէջ որպէս գաղափար մը կը ներկայանան, սակայն որեւէ ատեն կարելի չէ զանոնք համեմատել անոնց ապրած ողբերգութեան հետ:
Իւրաքանչիւր վերապրող իր ծննդավայրի յուշերուն հպարտութիւնն է որ ունի որպէս ինքնութիւն»:
Տիար Լեւոն Արտազեան
Ձեռնարկը իր կարեւոր խօսքով եզրափակեց Լիբանանի Խորհրդարանին մէջ ՌԱԿի նախկին Երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի վարչութեան ատենապետ, «Զարթօնք»ի հրատարակիչ «Շիրակ» ընկերակցութեան ընդհանուր տնօրէն՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը (խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք կողքի էջերուն մէջ):
Աւարտին, պատասխանատուներու եւ սրահին մէջ ներկայ Զէյթունցիներու ձեռամբ հատուեցաւ աւանդական կարկանդակը:
Լիբանանի Առաջնորդ հօր՝ Տ. Նարեկ Արք. Ալեմեզեանի ներկայացուցիչ՝ արժանապատիւ տէր հօր պահպանիչով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին:
«Զ.»