«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ազրպէյճանի Սամուխի շրջանի ելեկտրակայանին մէջ Նոյեմբեր 14ի առաւօտեան գրանցուած պայթումին հետեւանքով հրդեհ բռնկուած է: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ելեկտրակայանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին ժամանակ տուժած է Ազրպէյճանի քաղաքացի, 1978ի ծնունդ Էլմիր Հասանովը:
Հասանովը ստացած է 3րդ եւ 4րդ աստիճանի այրուածքներ, ան կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:
Պայթումի պատճառները ճշդելու նպատակով քննութիւն կ’իրականացուի: