«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Հըզպալլա կուսակցութեան գլխաւոր առաջնորդ Սայյըտ Հասան Նասրալլա Շաբաթ դիտել տուաւ, որ եթէ 6 սիւննի երեսփոխաններու՝ նոր կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու պահանջը չընդառաջուի, ապա կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը հարկադրուած պիտի ըլլայ վերասկսելու սեւագիրէն:
«Եթէ սիւննի երեսփոխանները ներկայացուցչութիւն ձեռք չձգեն նոր կառավարութեան մէջ,- ըսաւ Նասրալլա հեռարձակուող ուղերձի ժամանակ,- մենք ստիպուած պիտի ըլլանք ամէն ինչ զերոյէն սկսելու»:






