«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ապի Խալիլ «OTV» տեղական հեռուստակայանի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսաւ, որ Հըզպալլա կուսակցութեան գլխաւոր առաջնորդ Սայյըտ Հասան Նասրալլան դուռը բաց պահեց կառավարութեան ձեւաւորման խնդիրի լուծումներուն համար, սակայն այդ մէկը երբեք պիտի չըլլայ Ուժեղ Լիբանան խորհրդարանական պլոքի հաշուոյն:






