Կիրակի, 12. 04. 2026

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի Մէջ Մասնակցած Է Առաջին Աշխարհամարտին Կնքուած Զինադադարի 100ամեակին Նուիրուած Արարողութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 11ին Փարիզի մէջ մասնակցած է Առաջին աշխարհամարտին կնքուած զինադադարի 100ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան ժամանած են Էլիզէ պալատ, ուր զիրենք դիմաւորած են Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ տիկին Պրիժիթ Մաքրոնը: Այնուհետեւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը Առաջին աշխարհամարտին կնքուած զինադադարի 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցող պետութիւններու, կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ միասին ուղեւորուած է Փարիզի Շառլ տը Կոլի հրապարակը, ուր տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը զօրահանդէսի ստուգայց կատարած է, Ֆրանսայի համար զոհուածներու յիշատակին յարգանքի տուրքէն եւ «Լռութեան վայրկեան»էն ետք հնչած է ՖՀ օրհներգը, որուն յաջորդած է մշակութային ծրագիրը: Ուսանողները ընթերցած են 1918ի Նոյեմբեր 1ին գրուած գրութիւնը` զուգակցուած երաժշտական կատարումներով: Ֆրանսայի նախագահի ելոյթէն ետք Եւրոպական Միութեան երիտասարդական նուագախումբի կատարմամբ հնչած է ֆրանսացի երաժշտահան Մորիս Ռաւելի «Պոլերօ» ստեղծագործութիւնը: Միջոցառումը եզրափակուած է անմար կրակի մօտ խորհրդանշական արարողութեամբ. ուսանողները շրջապատած են Ֆրանսայի նախագահին եւ, շղթայ կազմելով, ձեռքը դրած կողքինի ուսին` որպէս հաւաքական վերածնունդի նշան:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին