«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն ճիշդ աշխատանք կատարելու պարագային Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կրնայ դառնալ երկրորդ տեղի հիմնական յաւակնորդը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, նման կարծիք յայտնեց ՀՀԿ խօսնակ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը:
«ՀՀԿն այսօր այլ խնդիր ունի, 2017 թուականին այլ խնդիր ունէր։ Այդ ժամանակ կը միտէինք 50-60 տոկոս հաւաքելու եւ բացարձակ մեծամասնութիւն դառնալու, այսօր կը միտինք խորհրդարանին մէջ միակ եւ ամենաընդդիմադիր ուժը ըլլալու, երկրորդ ուժը ըլլալու ակնկալիքով»,- ըսաւ Շարմազանովը:
Շարմազանովի կարծիքով` բոլոր անոնք, որոնք կուսակցութեան ցուցակի առաջին տասնեակին մէջ կ’ըլլան, պէտք է առաջադրուին որպէս վարկանշային թեկնածուներ:
Ինչ կը վերաբերի ցուցակը իր, Արմէն Աշոտեանի եւ Վիգէն Սարգսեանի կողմէ գլխաւորելու հարցին, Էդուարդ Շարմազանովը պատասխանեց, որ իրենք ցուցակի հետ կապուած որեւէ հարց չեն քննարկած: «Մէկ բան կրնամ ըսել, որ ես ո՛չ աթոռի, ո՛չ ցուցակի համար կռիւ տուած եմ: Ինչպէս Արմէն Աշոտեանը, նոյնպէս ալ ես համոզուած ենք, որ մեր պայքարը աթոռի համար չէ, մեր պայքարը գաղափարի, սկզբունքի համար է, մեր պայքարը ցուցակին մէջ լաւ տեղ ունենալու համար չէ, մեզմէ իւրաքանչիւրս ունի իր տեղը»,- եզրափակեց Շարմազանովը:
Հայաստանի մէջ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները պիտի կայանան 2018ի Դեկտեմբեր 9ին, նախընտրական քարոզարշաւը կը մեկնարկէ Նոյեմբեր 26էն։ Կուսակցութիւններն ու կուսակցութիւններու դաշինքները կրնան իրենց յայտերը ներկայացնել մինչեւ Նոյեմբեր 14՝ ժամը 18:00։ Անոնց գրանցումը ԿԸՀն կ’իրականացնէ մինչեւ Նոյեմբեր 19՝ ժամը 18:00։ Քարոզչութեան ժամանակահատուածը Նոյեմբեր 26էն Դեկտեմբեր 7 է։ Ընտրական օրէնսգիրքով սահմանուած է 12օրեայ ժամկէտ:






