«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երեքշաբթի յետմիջօրէին իր նստավայրին մէջ պիտի գումարէ մամլոյ ասուլիս կառավարութեան կազմաւորման առումով արձանագրուած վերջին զարգացումներուն կապակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդեն վարչապետի պաշտօնակատարի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Կիրակի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի յետմիջօրէի ժամը 1:30ին:






