«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ (ՀԱՊԿ) նախագահութիւնը Ղազախիստանէն փոխանցուած է Ղրղզիստանին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը յայտնէ ղրղզական «Vesti»ն:
Կազմակերպութեան 2019 թուականի նիստը տեղի կ’ունենայ Ղրղզիստանի մէջ:
Ասթանայի մէջ Նոյեմբեր 8ին մեկնարկած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Պելառուսի, Ղազախիստանի, Ղրղզիստանի ու Տաճիկիստանի ղեկավարները:
Տեղի ունեցած է մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը, որուն մասնակցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեանը:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները Նոյեմբեր 8ին Ասթանայի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովի ընթացքին կը քննարկեն կազմակերպութեան նոր գլխաւոր քարտուղարի հարցը, որ կը փոխարինէ պաշտօնէն ազատուած, Հայաստանը ներկայացնող Եուրի Խաչատուրովը: