«Եկեղեցին հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի»:
Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Շաբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Լա Քրեսենթա հովիտի Թահանկա քաղաքին մէջ գործող Սրբոց Առաքելոց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրոյ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ այս Ծուխի հիմնադրութեան 30-ամեակի շէն ու շէնշող տօնակատարութիւնը:
Ձեռնարկը կը վայելէր թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութիւնը: Սրբազան Հայրը, այդ օր կամքէ անկախ պատճառով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ հանդիսութեան: Բայց իր օրհնութիւնները եւ մաղթանքները տեսաերիզով ղրկած էր ներկաներուն:
Իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէին Վէն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ շնորհաշատ հովիւ Տէր Շնորհք աւագ քահանայ Տէմիրճեան, Ծուխի այժմու հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Աւետիս քհնյ Աբովեան եւ երէցկինը՝ Արմինէ, նախկին հովիւներէն Արժանապատիւ Տէր Յովսէփ աւագ քահանայ Յակոբեան եւ երէցկինը՝ Մարի, հանգուցեալ Տէր Դաւիթ Քհնյ. Զելֆէեանին երէցկինը՝ Շուշան Զելֆէեան եւ զաւակները հանդերձ ընտանեօք, իսկ Տէր Զաւէն աւագ Քհնյ. Տէմիրճեանի անհանգստութեան պատճառաւ զինք ներկայացուց Տիրամայր-երէցկին Մայրանուշ Տէմիրճեանը:
Ներկայ էին Կլենտէլի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ Տիար Վարդան Կարպետեան եւ իր տիկինը՝ Կլենտէյլի Կրթական խորհուրդի նախագահ՝ Դոկտ. Արմինէ Կարպետեան:
Ծուխի երիտասարդ եւ համակրելի հովիւ Տէր Աւետիսի բացման եւ բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, տեղի ունեցաւ սեղանի օրհնութիւնը եւ ճաշի սպասարկութիւնը:
Ապա, ներկայ եղող կղերականներու կողմէ միասնական աղօթքներ եւ ընթերցումներ կատարուեցան, յատկապէս՝ Յովհաննէս Առաքեալի «Աստուած սէր է» խրատական խօսքի ընթերցումէն ետք, եկեղեցւոյ մանրանկարը ապակիէ տուփիկներու մէջ զետեղուած որպէս յուշանուէրներ տրուեցան Ծուխի հին եւ նոր ատենապետներուն, երէցկիներուն:
Պատրաստուած էր շատ գեղեցիկ եւ արհեստավարժ 12 վայրկեաննոց տեսանիւթ մը, խտացեալ ձեւով տալով Ծուխի պատմականը:
Խօսք առին Տ. Յովսէփ աւագ Քհնյ. Յակոբեան, Ծուխի հիմնադիր ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանոյեան, երէցկին Շուշան Զելֆէեան, Ծուխի քանի մը շրջանի ատենապետեր՝ Տոքթ. Վահան Ալադադեան եւ Տիար Օննիկ Ալեքսանեանց, իւրաքանչիւրը իր ծառայութեան շրջանէն յուշեր պատմելով:
Գործադրուեցաւ շատ հաճելի, յանպատրաստից գեղարուեստական յայտագիր մը, ուր ներկաները երգով, ասմունքով, ջերմ ու սիրալիր խօսքերով շէնցուցին երեկոն:
Իսկ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան անդամուհիները պատրաստած էին այդ գիշերուան ընթրիքը, որ առատօրէն սպասարկուեցաւ ներկաներուն:
30-ամեակի կարկանդակի հատումէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ խմբերգներով եւ զուարճախօսութիւններով:
Ժողովուրդը իր բարձրագոյն տրամադրութեամբ բաժնուեցաւ սրահէն, խոստանալով շարունակել հոգեւոր այս տան պայծառութեան գործը:
Ծուխի 30-ամեակի տօնակատարութեան ներկայ եղող, կամ՝ ակամայ բացակայող բոլոր ծառայողներուն եւ նուիրեալներուն կ՚ըսենք՝ Ձեր վարձքը կատար: Իսկ մեր եկեղեցիին համար ալ՝ առ Աստուած աղօթելով կ՚ըսենք.
«Թագաւոր երկնաւոր, զեկեղեցի քո անշարժ պահեա՛, եւ զերկրպագուս անուանդ քում պահեա՛ ի խաղաղութեան»: