«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ձերբակալուած է Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատան նախկին նախագահ Ճհանկիր Խատիճեւի կինը՝ Զամիրա Խատիճեւան: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Տեղեկութեան համաձայն՝ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ձերբակալուած Խատիճեւան հաւանական է, որ արտայանձնուի Ազրպէյճանին:
Խատիճեւայի ձերբակալման պատճառ հանդիսացած է այն հանգամանքը, որ ան չէ կրցած հիմնաւորել եւ ապացուցել իր միլիոններու հասնող ունեցուածքի եւ գումարային միջոցներու օրինականութիւնը:
Մեծ Բրիտանիոյ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գործակալութիւնը, 2018ին սկիզբը պետութեան համապատասխան մարմիններուն դիմելով, պահանջած էր բացայայտել Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատան նախկին նախագահ Ճհանկիր Խատիճեւի եւ անոր կնոջ՝ Զամիրա Խատիճեւայի միլիոններու հասնող ունեցուածքի ծագման աղբիւրը։
Գործակալութիւնը պահանջը ներկայացուցած էր տարեսկիզբին, եւ գործի վերաբերեալ դատավարութիւն սկսած էր, սակայն պատասխանող կողմի տուեալները հրապարակուած են միայն 2018ի Հոկտեմբերին։
Գործի հանգամանքներուն համաձայն՝ Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատան նախկին նախագահ Ճհանկիր Խատիճեւի կինը՝ Զամիրա Խատիճեւան վարած է շքեղ ապրելակերպ։
Փաստաթուղթերու մէջ տեղ գտած տուեալներով՝ ան 10 տարուան ընթացքին միայն Harrods հանրախանութին մէջ ծախսած է մօտ 16 մլն ֆունտ սթեռլինկ, ինչպէս նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ձեռք բերած է աւելի քան 20 մլն ֆունտ սթեռլինկ արժողութեամբ անշարժ գոյք։
Խատիճեւներու ունեցուածքի շուրջ հետաքրքրութիւն յառաջացած է, երբ Մեծ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները որոշած են ուսումնասիրել երկրի տարածքին բնակող այն անձանց ունեցուածքները, որոնք կը կասկածուին քրէական գործունէութիւն ծաւալելու մէջ, ինչպէս նաեւ եւրոպական տնտեսական տարածութենէն դուրս գտնուող ազդեցիկ քաղաքական գործիչներու հարստութիւնը։
Լոնտոնի գլխաւոր դատարանը Զամիրա Խատիճեւայէն պահանջած է բացատրել, թէ ինչ միջոցներով ձեռք բերած է 11.5 ֆունտ սթեռլինկ արժողութեամբ տունը եւ 11.5 մլն ֆունտ սթեռլինկ արժողութեամբ՝ Նայթսպրիճ գտնուող հողատարածքը եւ այդ միջոցներու աղբիւրը։
Դատարանէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն, եթէ Զամիրա Խատիճեւան չկարենայ պարզաբանել իր միլիոնաւոր դրամական միջոցներու եւ անշարժ գոյքերու ծագման սկզբնաղբիւրը, դատարանը կրնայ առգրաւուիլ իր ունեցուածքը։
Խատիճեւ ամուսինները, արձագանգելով դատարանի նման որոշումին, նշած են, որ իրենց ունեցուածքը օրինական է, եւ դատարանի որոշումը անուանած են անարդար։
Ճհանկիր Խատիճեւը 2001-2002 թուականներուն ղեկավարած է Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատունը:
2016ին Ճհանկիր Խատիճեւը մեղադրուած է խարդախութեան յատկանիշներով եւ դատապարտուած 15 տարուան ազատազրկման։ Այնուհետեւ դատարանը Խատիճեւին տուգանած է 40 մլն տոլարի չափով։ Խատիճեւի կատարած խարդախութիւններու հետեւանքով Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատան հաշիւներէն անհետացած են տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ: