Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

ՌԱԿի Զահլէի Ակումբը Ուշադրութեան Կեդրոն

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր վարչութիւնը ներքին կազմակերպչական աշխատանքներու ծիրէն ներս Կիրակի 3 Նոյեմբեր 2018ին պատուիրակութեամբ մը այցելեց Զահլէ, կուսակցութեան տեղւոյն ակումբին գործունէութեան ծանօթանալու եւ զայն աւելի եւս զարգացնելու ծրագիրներ մշակելու համար:

Զահլէ մէջ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեց ՌԱԿ Զահլէի ակումբի ատենապետ՝ ընկ. Գրիգոր Մկըրեանը: Ընկերը անմիջապէս ուղղուեցան տեղւոյն Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ներկայ ըլլալու Ս. եւ անմահ պատարագին:

Ապա խումբը ժողով մը գումարեց Զահլէի ՌԱԿի ակումբին մէջ ուր քննարկուեցան ակումբը աւելի եւս բարեզարդելու, անոր գործունէութիւնները ընդլայնելու, տեղւոյն հայկական նօսրացած սակայն հայրենասէր համայնքին հետ յարաբերութիւնները աւելի եւս սերտացնելու եւ այլ հարցեր: Քննարկուեցաւ նաեւ կուսակցութեանս պաշտօնաթերթ  «Զարթօնք»ի տպագիրը հասանելի դարձնելու կարելիութիւնը իւրաքանչիւր զահլեցի հայու բնակարան: 

Ակումբ այցելութիւնը առիթ մըն էր ՌԱԿի շարքերը մուտք գործելու դիմում ներկայացուցած նորագիր ընկերոջ մը՝  Միհրան Թուխթարեանի երդմնառութեան: Այսառիթով պարգեւատրուեցան նաեւ երեք վեթերան ընկերուհի-ընկերներ՝ Սոնա Սարաֆեան, Սոնա Փամպուքեան եւ Գրիգոր Փամպուքեան:

Ընկերային մթնոլորտով Զահլէի յատուկ հիւրասէր ճաշասեղանի մը շուրջ օրը աւարտին հասաւ: Զահլեցի ընկերները մաղթեցին, որ նման այցելութիւններ աւելի եւս հերթական դառնան, բան մը որ կը խրախուսէ զահլեյաբնակ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ զահլեցի մեր ընկերները մասնաւորաբար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին