Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան ու Բակօ Սահակեան Քննարկած են Պաշտպանութեան, Ներքին ու Արտաքին Քաղաքականութեան Վերաբերող Հարցեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 5-ին քննարկած են պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, Արցախի եւ Հայաստանի ռազմական փոխգործակցութեան, սահմաններու վրայ տիրող իրավիճակին, երկու հայկական պետութիւններու ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ այս ուղղութիւններուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Այս մասին կը յայտնէ Արցախի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր վարչութիւնը:

Հանդիպման կը մասնակցէին ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, ՀՀ պաշտպանութէան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար  Զոհրապ Մնացականեան, ՀՀ ազգային անվտանգութէան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան, ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեան, Արցախի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարները, պաշտօնատար այլ անձիք:

Նշենք, որ Բակօ Սահակեան եւ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 4-ին այցելած են Արցախի արեւելեան սահմանագիծի շարք մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին