«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Մարտին քաղաքին մէջ պայթուցիկ նիւթերով բեռնուած մեքենայ յայտնաբերած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հուրիեթ» պարբերականը:
Ոստիկանութենէն կը յայտնեն, որ մեքենային մէջ եղած են 250 քկ պայթուցիկ նիւթեր, որոնք նախատեսուած են 32 առանձին յարձակումներու ժամանակ: Մեքենային մէջ գտնուող 5 մարդ ձերբակալուած է:
Իրաւապահ մարմինները հետաքննութիւն սկսած են հաւանական յանցակիցները բացայայտելու ուղղութեամբ: