Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ. «Հայկ Նագգաշեան Գրական Գնահատանքի Հիմնադրամ» Հայկ Նագգաշեանի Ընտանիքը Այս Քայլով Յաւերժացուց Հանգուցեալ Գրողի Գրական Ներկայութիւնը Ստեղծագործութեան Անդաստանին Մէջ…

ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից 

Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը հիմնած է «Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամը, որուն նպատակն է արժեւորել թէ՛ հայրենի, թէ՛ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն գրական-գեղարուեստական երկերը:

Հոկտեմբեր 31ին «Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամը եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» Գիտաուսումնական կեդրոնը կազմակերպած էին հիմնադամի անդրանիկ մրցոյթի արդիւնքներու ամփոփումը: Միջոցառումին ներկայ էին արձակագիր Հայկ Նագգաշեանի որդին՝ Շահէ Նագգաշեանը, Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղար Պետրոս Դեմիրճեանը, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Աելիտա Դոլուխանեանը, Մանկավարական համալսարանի ուսանողներ, որոնք մասնակցած են մրցոյթին, դասախօսներ եւ այլք: Միջոցառումը կազմակերպուած էր «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի նախագահ Սուրէն Դանիէլեանի կողմէ:

Մրցոյթին յաղթող մասնակիցը ընտրուած է նախապէս կազմուած գնահատող մարմինի կողմէ, որ ստացած ստեղծագործութիւններէն ընտրութիւն կատարած է: Մինչ յաղթող ստեղծագործողի անունը յայտարարելը, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սուրէն Դանիէլեանը, որ կարեւորեց նման մրցանակներու շնորհումը, երիտասարդ գրողներու բացայայտումը եւ արժեւորումը: Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղար Պետրոս Դեմիրճեանի խօսքով՝ երիտասարդ ստեղծագործողներուն  մրցանակներով խրախուսելը ողջունելի համարեց: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ բաւական դժուար է գրեթէ նոյն ստեղծագործութիւններուն կամ ստեղծագործողներուն միջեւ ընտրութիւն կատարելը, քանի որ բոլորին մէջ ալ առանձնայատուկ կայծ կայ, հետաքրքրական բան կայ:

«Մենք բոլորս փայլուն գիտենք Հայկ Նագգաշեանը, իր առաջին գիրքը արժանացաւ Հայկաշէն Ուզունեան մրցանակին, որմէ ետք ան 9 տարուան մէջ 9 գիրք գրեց: Սա ցոյց կու տայ, թէ մրցանակը ի՛նչ կարեւոր է ստեղծագործողի կեանքին մէջ: Ատիկա նոյնիսկ համեմատուեցաւ Այվազովսքիի իններորդ ալիքին հետ: Կը շնորհաւորեմ ու կ’ողջունեմ հիմնադրամի ու մրցանակաբաշխութեան հիմնումը: Իսկ ապագայ մրցանակակիրներուն կը մաղթեմ ստեղծագործական բեղուն աշխատանք»,- ներկաներուն դիմելով ըսաւ Պետրոս Դեմիրճեանը:

Միջոցառումի առաջին մասով նախ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայկ Նագգաշեանի յիշատակին: Սուրէն Դանիէլեանը յիշեց, թէ ի՛նչպէս վարած է Հայկ Նագգաշեանի ծննդեան 70ամեակի միջոցառումը՝ Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ, յուշերը կապուած այդ օրուան հետ շատ են: «Ան մեզի համար կենդանի ներկայութիւն է, եւ իր կինը այս քայլով յաւերժացուց անոր գրական ներկայութիւնը ստեղծագործութեան անդաստանին մէջ»,- ըսաւ Սուրէն Դանիէլեանը, որմէ ետք համալսարանի ուսանողները ներկայացուցն գրողի կեանքը, աշխատանքային գործունէութիւնը, անցած ստեղծագործական ուղին, պատմուածքներէն փոքրիկ հատուածներ, ինչպէս նաեւ իրեն նուիրուած երգեր:

Յուզիչ ու գեղեցիկ միջոցառումի երկրորդ մասով Սուրէն Դանիէլեանը յայտարարեց անդրանիկ մրցանակաբաշխութեան առաջին յաղթողի անունը՝ երիտասարդ բանաստեղծ Անի Ամսէեան: Անին ծնած է Երեւան, սակայն մանկութիւնը անցած է Շիրակի մարզի Պեմզաշէն գիւղը: Իր առաջին գիրքը, որուն համար արժանացած է այդ մրցանակին, «Ճանապարհ դէպի լռութիւն» անունը ունի: Անին շատ յուզուած էր, չէր սպասեր նման անակնկալի: Մրցանակը յանձնեց Հայկ Նագգաշեանի որդին՝ Շահէ Նագգաշեանը, իսկ կինը՝ Սօսի Նագգաշեանը Մոնրէալէն ուղերձ յղած էր, ինչը ներկաներուն փոխանցեց Շահէ Նագգաշեանի կինը:

Երիտասարդ ստեղծագործող Անի Ամսէեանի գիրքը, ինչպէս կը ներկայացնէին վերջինիս համալսարանի դասընկերները, զգացումներու, ապրումներու ամբողջութիւնն է: Հեղինակը ոգեշնչուած է իր հայրենի գիւղէն, առանց որուն դժուար կ’ըլլար պատկերացնել գիրքի բովանդակութիւնը:

Մրցանակի յանձնումէն ետք արձակագիր Հայկ Նագգաշեանի որդին՝ Շահէ Նագգաշեան, իր խօսքին մէջ մէկ դրուագ պատմեց իր հօր կեանքէն, երբ վերջինս կ’աշխատէր Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի մէջ: Բանաստեղծի գիրքին համար, որ տպուած էր Հայաստանի մէջ 1982 թուականին, գրավարձ  նախատեսուած էր այսօրուան գումարով մօտ երեք հազար տոլար:

«Հայրս պէտք է ստորագրէր այդ փաստաթուղթը, որպէսզի գումարը ստանար: Ան ապշած կ’ըսէ՝ չէ, չեմ ընդունիր այդպիսի բան, քանի որ այդ գումարը եկած է Երեւանի պիւտճէէն: Յետոյ ժամանակ կ’անցնի, Վարդգէս Պերոսեանը կամ Սաղաթել Յարութիւնեանը իրենց կ’ըսեն՝ լսէ՛ Հայկ, այդ մէկը Հայաստանի պիւտճէէն չի գար, այլ Մոսկուայի, այնպէս որ եթէ դուն չվերցնես, ուրիշ մէկը անուշ կ’ընէ: Հայրս կը համաձայնի, բայց կ’ըսէ՝ մէկ պայմանով՝ եթէ ես այդ գումաը պէտք է ստանամ, ուրեմն իմ ընտանիքիս հետ պէտք է գամ Հայաստան ու այդ գումարը ծախսեմ Հայաստանի մէջ իմ գրող ընկերներուս հետ: «Զարթօնք»ի մէջ այդ մասին շատ գրած է: Ես փոքր երեխայ էի այդ ժամանակ, բայց շատ լաւ կը յիշեմ անցուցած հրաշալի օրերը: Առաջին այցելութիւնս եղաւ իմ հայրենասիրութեան հիմնաքարս»,- պատմեց Հայկ Նագգաշեանի որդին: Ի դէպ, Հայկ Նագգաշեանը, ի թիւս այլ աշխատանքերու, աշխատած է «Զարթօնք» օրաթերթի մէջ որպէս գլխաւոր խմբագիրի օգնական:

Միջոցառումը ընդհանուր առմամբ անցաւ բաւական ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, բոլոր ներկաները հետաքրքրական պատմութիւններ ու դրուագներ կը յիշէին ու կը պատմէին Հայկ Նագգաշեանի կեանքէն, իսկ ուսանողները իրենց հերթին կը ներկայացնէին արձակագիրի լաւագոյն գործերէն հատուածներ՝ անգամ մը եւս հաստատելով, որ Հայկ Նագգաշեանի գրական ժառանգութիւնը անգին է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին