ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Հոկտեմբեր 30ին Երեւանի Թէքէեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտահայ արուեստագէտ Ներսէս Պիծակեանի տարբեր տարիներու աշխատանքներուն անհատական առաջին ցուցահանդէսը: Ներսէս Պիծակեանը ծնած է Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ, ապա տարիներ անց տեղափոխուած են Երեւան: Ստեղծագործել սկսած է կանուխ տարիքէն:
Յիսուն տարուան ընթացքին արուեստագէտը առաջին անգամ որոշում կայացուցած է անհատական ցուցահանդէս կազմակերպել ու բոլոր աշխատանքները ներկայացնել մէկ վայրի մէջ՝ Թէքէեան կեդրոնին մէջ եւ կեդրոնի հովանաւորութեամբ: Ցուցահանդէսը կ’ընդգրկէ հեղինակի տարբեր ժամանակներու քանդակի, գծանկարչութեան, կպչարուեստի գործերու, գեղազարդային եւ կիրառական արուեստի նրբաճաշակ աշխատանքները:
Հեղինակի համար կարեւոր նշանակութիւն ունին կպչարուեստի գործերը՝ կատարուած իւրայատուկ խնամքով, բնական նիւթերով, բոյսերով, ծաղիկներով, ծառերու կեղեւներով, չոր միրգերով, հայկական լաւաշով եւ այլն: Ինքը՝ հեղինակը, կը նշէ, որ այս աշխատանքները, որոնք կատարուած են բնական բաղադրիչներով, երբեք չեն թոռմիր, յատուկ նիւթերով մշակած է, ամէն բաղադրիչի վրայ բաւական երկար ժամանակ ծախսել:
Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ հիւրերը իսկապէս տպաւորուած էին արուեստագէտի աշխատանքներով, այդքան նրբաճաշակ, իմաստալից ու կեանքով լեցուն ցուցահանդէսի շատոնց ներկայ չէին գտնուած, կ’ըսէին հիւրերը:
Ներսէս Պիծակեանն ալ իր հերթին ջանասիրաբար կը նկարագրէր բոլոր աշխատանքները անհատապէս, թէ ի՛նչ կը խորհրդանշեն, քանի տարուան պատմութիւն ունին, ինչ նիւթերէ ստեղծուած են եւ այլն: Ներկաները ժամեր շարունակ կ’ուսումնասիրէին քանդակները, գծանկարչութիւնները, գեղազարդային ու կիրառական արուեստի, յիրաւի, գլուխգործոցները:
Հեղինակի համար իր աշխատանքներէն իւրաքանչիւրը ունի առանձին նշանակութիւն, բայց չէր վարաներ հիւրերուն պատմել մի քանի աշխատանքներու մասին աւելի մանրամասն: Օրինակ՝ «Խորհրդաւոր ընթրիքը» աշխատանքը կատարուած է հայկական ոճով, արեւադարձային բոյսերով, աշակերտները Քրիստոսի հետ ձուկ կ’ուտեն ու գինի կը խմեն, սեղանին իսկական լաւաշ դրուած է, իսկ առաքեալներէն Յուդային հեղինակը սեւ շրջանակով պատկերած է: Աշխատանքին մէջ արհեստական ոչինչ կայ, ամէն ինչ կատարուած է բնական բաղադրիչներով, նոյն այդտեղ կը կայանայ եգիպտահայ արուեստագէտի արուեստի գործերուն առանձնայատկութիւնը:
«Արեւմտեան Հայաստան» աշխատանքին մէջ Վանայ ծովը հեղինակը ցամքած պատկերած է: Կը բացատրէ՝ քանի որ մերը չէ, եթէ մերը ըլլար… «Բայց զարթօնք կայ, ծաղիկներ կան, յոյս կայ, որ օր մը կրնայ մերը ըլլալ»,- կ’ըսէ Ներսէս Պիծակեանը:
Հայկական մանրանկարչութեան մէջ Սուրբ Գիրքի էջերը տարբեր ձեւերով նկարուած են: Ներսէս Պիծակեանի նոյն այդ աշխատանքը ըրած է նորովի՝ իր երեւակայութեան թռիչքով, բնական բոյսերով, ծաղիկներու թերթիկներով, որոնք յատուկ չխամրող փայլ ունին: Ինչքան ալ որ զարմանալի է, այս ցուցահանդէսին նեկայացուած էին հեղինակի յիսուն տարուան աշխատանքները: Արուեստագէտը իր աշխատանքները սկսած է խեցեգործութենէն, որմէ ետք անցած է գծանկարչութեան, կպչարուեստի, որոնց մեծ մասը ըրած է բոյսերէ, սերմերէ, կեղեւներէ, փշերէ: «Զարթօնք»ի հետ զրոյցի ժամանակ հեղինակը կ’ըսէ՝ կեղեւներէն այնպիսի պատկերներ ստացած է, որ նոյնիսկ իրեն համար զարմանալի եղած է, կ’ըսէ՝ կարծես Աստուծոյ ձեռքը օգնած է: Այնպէս ոչինչ կը յաջողի:
«Մարդիկ կան, որոնք տարիներով կը փորձեն, սակայն չի յաջողիր, բայց իմ աշխատանքներս կը մնան 100-150 տարի ու չեն թօշնիր: Ես ըսած եմ՝ ծաղիկները կը թօշնին, բայց իմ ծաղիկներս չեն թօշնիր, այսպէս կը մնան: Նոյնիսկ թիթեռնիկներ կան աշխատանքներուն մէջ»,- կը պնդէ հեղինակը:
Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած աշխատանքներուն մէկ մասը նկարիչներու միութեան մէջ կամ այլ ցուցահանդէսներու ներկայացուած են տարբեր տարիներու ընթացքին, բայց որպէս անհատական, ամբողջական ցուցահանդէս սա առաջինն է: Այս զարմանահրաշ ու ինքնատիպ աշխատանքներու ցուցահանդէսը երեւանցիներուն եւ մայրաքաղաքի հիւրերուն համար բաց կ’ըլլայ մինչեւ Նոյեմբեր 17ը, Թէքէեան կեդրոնի ցուցասրահին մէջ: Հասցէ՝ Խանճեան 50: