«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ վարչապետի ընտրութեան մասին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Համաձայն «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 140րդ յօդուածի 3րդ մասի՝ վարչապետի ընտրութեան հարցը կը քննարկուի Նոյեմբեր 1ին՝ ժամը 12:00ին, իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստին»: