Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Տեսանկիւն. Գաղափարներու Եւ Ծրագիրներու Վրայ Հիմնուելու Եւ Հիմնելու Անհրաժեշտութիւնը

Մարդկային քաղաքակրթութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ պետութեան մը դիմաց  համաշխարհային ու տարածաշրջանային հարցեր ու տագնապներ ծառանան եւ խնդիրներու հանգուցալուծումը սուղ եւ անգոյ ժամանակ պահանջէ,  երբ գոյութիւն ունենան անորոշութիւններ ներքին թէ արտաքին կտրուկ միջամտութեան մը պատճառով, անիմաստ է նորէն քաղաքական կտրուկ քայլերու դիմելու՝ հակակշռելու կամ հսկողութեան տակ պահելու իրավիճակ մը: Անորոշ կտրուկ փոփոխութիւնները  ընդհանրապէս չեն ունենար դրական հետեւանք։

    Տուեալ երկրի մը մէջ խորքային փոփոխութիւններ չեն պատահիր, եթէ հոն սովորութիւն է քաղաքական դաշտը ձեւաւորել անհատներու շուրջ։ Անհատին կարողութիւններն ու ով ըլլալը բնաւ կապ չունին հոս: Եթէ քաղաքական համակարգն ու դաշտը դարձաւ մէկ անձի անձնական տարածք (territory), եթէ այդ երկրին մէջ ձեւաւորուեցաւ մենատիրութիւն, վստահ եղէք, որ պիտի չլուծուին տուեալ երկրին ու իր բնակչութեան (իր սփիւռքով մէկտեղ) կարեւոր եւ երկրորդական բազմաթիւ հարցեր։ Հետեւաբար անհրաժեշտ ու կենսական է, որ տուեալ երկրին մէջ քաղաքական դաշտը դուրս գայ անձերու քմահաճոյքէն եւ ձեւաւորուի ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ եւ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ հիման վրայ։

Երբ մարդիկ խելքով մտածեն ու գործեն, կրնան հասկնալ ՊԱՀԻ ԼՐՋՈՒԹԻՒՆԸ:

Նման կացութիւններու մէջ տուեալ երկրին քաղաքական ուժերը ՊԷՏՔ Է բաւարար ժամանակ ունենան ուսումնասիրելու շատ հարցեր, ի պահանջեալ հարկին նոր սահմանադրութեան մը մշակումը, որով  կարելի ըլլայ բացառել անձի մը ամբողջական իշխանութիւնը ու վերանայիլ սուփըր իշխանաւորի մոտելը, ապա անցնիլ պետական հաստատութիւններու վերաբերող հերթական կամ արտահերթ ընտրութիւններու:

Աշխարհը կ’ապրի անկիւնադարձային ժամանակներ։ Յառաջիկայ 6 Նոյեմբերին կը յստականայ ԱՄՆի քոնկրեսի կազմն ու անոր կուսակցական թեքումը։ Կան վերլուծաբաններ, որոնք Նոյեմբերի 6ի ընտրութիւնը կը համարեն ԱՄՆ պատմութեան մէջ ամենակարեւոր ընտրութիւնը։ Ներկայ պահին տարածաշրջային թէ միջազգային հսկայ խաղացողներուն օրակարգերուն վրայ  կան լրջագոյն հարցեր, զորս պէտք է ձգել, որ իրենց հանգուցալուծումը գտնեն բնական եւ ընթացիկ հունով, որուն մէջ տուեալ փոքր երկիրը իր ժողովուրդով հանդերձ ԲՆԱՒ դերակատար չէ։ Ընդունինք, որ փոքր երկիր մը իր ունեցած մարդուժով, տնտեսութեամբ եւ ուրիշ հնարաւորութիւններով ընդհանրապէս հաշուի առնուելիք ուժ չէ:

Տուեալ երկրին ապագայով մտահոգ մարդիկ միշտ նկատի պէտք է ունենան, թէ ո՞րն է իրենց  ազգային շահը։ Անոնք պէտք չէ ընեն բաներ, որ կը վտանգէ իրենց ժողովուրդին կենսական շահերը։ Պէտք չէ հրահրեն համաքաղաքացիներու զգացումները։ Պէտք է գործեն ոչ անպայման դուխով, սակայն ԽԵԼՔՈՎ անպայման:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին