Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Մայր Աթոռի Հովանիին Ներքոյ Գործող Էօրնեկեան Դպրոցին Մէջ Սորվելու Համար Մրցակցութիւնը Շատ Մեծ Է… Հարցազրոյց՝ Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից 

Այսօր կը հրատարակենք «Զարթօնք» Հայրենիքի մէջ  մեր նոր շարքին չորրորդը:

Ինչպէս նախապէս նշած էինք, սոյն շարքով մենք մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք Հայրենիքին առնչուող իրադարձութիւններ եւ յատուկ հարցազրոյցներ:

 «Խմբ.»

Արմաւիրի մարզի Էջմիածին քաղաքին մէջ Մայր Աթոռի հովանիին ներքոյ գործող հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւնը հիմնադրուած է 1959 թուականին` որպէս գիշերօթիկ դպրոց, որ իր հովանաւորութեան տակ առած էր մտաւոր եւ ֆիզիքական տկարութիւն ունեցող երեխաները: Սակայն տարիներու ընթացքին երեխաներու թիւը երթալով կը նուազէր, ինչը, իր հերթին, պիտի յանգեցնէր դպրոցի լուծարման:

2009 թուականին բարերար Էտուարտօ Էօրնեկեանի հովանաւորութեամբ դպրոցը վերանուանուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Էօրնեկեան Հանրակրթական Ուսումնական հաստատութիւն եւ շարունակեց իր գործունէութիւնը Մայր Աթոռի եւ Վեհափառ Հայրապետի անմիջական հսկողութեան ներքոյ:

Քանի որ դպրոցի շէնքը կը գտնուէր անմխիթար վիճակի մէջ, կարիք յառաջացաւ զայն վերանորոգելու: Համապատասխան ուսումնասիրութիւններէ ետք պարզ դարձաւ, որ շէնքի կայունութիւնը թոյլ չի տար զայն վերանորոգել, եւ բարերարին շնորհիւ սկսաւ նոր շէնքի շինարարական աշխատանքները: 2017 թուականին տեղի ունեցաւ նորագոյն լուծումներով կառուցուած

Էօրնեկեան Հանրակրթական Ուսումնական հաստատութիւն նոր շէնքի բացումըԱյժմ դպրոցի տեսուչն է Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանը: Դպրոցը ունի իր համազգեստն ու տարբերանշանը, օրհներգը, որուն խօսքերուն հեղինակը Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանն է, իսկ երաժշտութեան հեղինակը՝ Կոմիտաս Վարդապետ Յովնանեանը:

«Զարթօնք»ը  զրուցեց դպրոցի տեսուչ Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանի հետ:

Սրբազան, խնդրեմ, ներկայացուցէք դպրոցի ստեղծման պատմութիւնը, ի՞նչպէս ստեղծուեցաւ անիկա, քանի՞ երեխայ հիմա կ»ուսանի այդտեղ եւ ինչո՞վ կը տարբերի այս դպրոցը Էջմիածին քաղաքին մէջ գործող միւս հանրակրթական հաստատութիւններէն

– 2009 թուականն էր, երբ Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացաւ, որ Էջմիածինի թիւ 13 յատուկ դպրոցը լուծարման եզրին է, քանի որ աշակերտներու թիւը շարունակաբար կը նուազի: Այդ ընթացքին Աստուծոյ կամօք էր, որ Պարոն Էտուարտօ Էօրնեկեանը հանդիպեցաւ Վեհափառ Հայրապետի հետ ու պատրաստակամութիւն յայտնեց հետաքրքրական ծրագիր հովանաւորելու: Ի պատասխան՝ Հայրապետը առաջարկեց դպրոց հովանաւորել:

Այդպիսով, 2009ի Սեպտեմբեր 12ին բարերարն ու Հայրապետը  այցելեցին  դպրոց,  որ իբրեւ ՊՈԱԿ լուծարուած  էր ու  վերակազմաւորուած որպէս մասնաւոր դպրոց-հիմնարկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ենթակայութեամբ: 

Երբ սկսանք, շուրջ 180 երեխայ կար դպրոցը:  Դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի  ձեւաւորումէն  մի քանի ամիս ետք կատարուեցաւ առաջին բովանդակային  ուսումնասիրութիւնը, որով յայտնաբերուեցան 17անտառաճանաչ  աշակերտներ,  որոնցմէ ամենամեծը՝ ութերորդ դասարան յաճախող աղջիկ մըն էր: Սա մեզի համար ապշեցուցիչ երեւոյթ էր: Զեկուցեցինք Վեհափառ Հայրապետին  ու յանձնարարութիւն ստացանք լրջօրէն զբաղիլ դպրոցի կրթական բովանդակութեան վրայ:

Ուսուցիչները ուղարկուեցան վերապատրաստումներու, կազմակերպուեցան  տարաբնոյթ սեմինարներ, որոնց յաջորդեց դպրոցի հոգաբարձուներու  խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած ատեստաւորումը: 

Մշակուեցան եւ ներդրուեցան կառավարման նոր ձեւաչափեր  ու յատուկ  համակարգեր՝  կրթութեան բովանդակութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով: Ամէն տարի ամառնային արձակուրդներուն «Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամի»  աջակցութեամբ կը կազմակերպուի ամառնային կրթադաստիարակչական  ճամբար, որուն ընթացքին սաներն ու մանկավարժները հանգիստի  զուգահեռ կ’ուսումնասիրեն եւ ձեռք կը բերեն մասնագիտական տարբեր հմտութիւններ: Դպրոցի կառավարման գործընթացին մէջ մեծապէս ներգրաւուած են նաեւ աշակերտները: 

Դպրոցի շէնքը կը գտնուէր խիստ անբարենպաստ պայմաններու մէջ, որուն հետեւանքով որոշում կայացուեցաւ շէնքի նորոգութեան մասին: Երկրաշարժի պարագային շէնքի կայունութեան ուսումնասիրութեամբ պարզուեցաւ, որ կարելի չէ զայն նորոգել: Վեհափառ Հայրապետի եւ բարերարի որոշումով սկսաւ նոր չափանիշներուն  համապատասխանող շէնքի կառուցապատումի աշխատանքները: Նոր շէնքի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ 2017ի Սեպտեմբերին: 

Պէտք է նշեմ, որ երեխաներուն համար քիչ մը բարդ էր նոր դպրոցի  շէնքին ընտելանալը, քանի որ հին դպրոցին հետ կապուած էին  ջերմ յիշողութիւններով: Բայց հիմա այս նոր դպրոցը շատ հարազատ դարձած է երեխաներուն համար: Այս պահուն դպրոցին մէջ կայ 525 սան: Ընդունուելու համար մեծ մրցակցութիւն կայ: Դպրոցը մօտեցումներու առումով կը տարբերի միւսներէն, ուսումնական ծրագիրներու առումով նոյնն է: Դպրոցի առաջին դասարանի ընդունելութիւնը կը կազմակերպուի հարցազրոյցով: Ուսանիլ փափաքողներու թիւը սովորաբար շուրջ հինգ անգամ աւելի կ’ըլլայ: Կարճ ժամանակահատուածի մէջ նման յաջողութեան հասնիլը ինքնին կը խօսի որակի մասին: 

Կ»ուզեմ խօսիլ նաեւ ուսուցչական կազմի մասին: Ի՞նչպէս աշխատանքի կ»ընդունուին ուսուցիչները, ի՞նչ յստակ պայմաններ ու չափորոշիչներ կան անոր համար

– Դպրոցին մէջ ուսուցիչերու վարձատրութիւնը էապէս չի տարբերիր պետական հանրակրթական դպրոցներէն, միայն աւագ դպրոցի հոսքային դասարաններուն մէջ որոշ չափով յաւելում նախատեսուած է: Մանկավարժներու աշխատանքին առումով դասարաններու՝ 15 աշակերտի խտութիւնը կը նպաստէ աշխատանքի արդիւնաւէտ կազմակերպումին: Աշակերտները ունին իրենց համազգեստները, որոնք, ինչպէս նաեւ դասագիրքերը, կը տրամադրուին դպրոցին կողմէ: Ուսուցիչներու ընտրութիւնը կը կազմակերպուի արտաքին յանձնախումբի միջոցով, երկու փուլով՝ գրաւոր՝ մասնագիտական, ինչպէս նաեւ բանաւոր՝ հմտութիւններու եւ մեթոտաբանութեան քննութեամբ: Առաւելութիւն կը տրուի այն թեկնածուներուն, որոնք յատկապէս նորարարական գաղափարներ բերած են դպրոց: Ուսուցիչը, ընդունուելով դպրոց, կը ստանայ աւելի փորձառու գործընկերներու համակողմանի աջակցութիւնը, իր կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն մասին վերլուծութիւն կը ներկայացուի ժողովներու ընթացքին, որով կ’որոշուի ուսուցիչին տրուելիք պատասխանատուութեան չափը: Իւրաքանչիւր ուսուցիչի աշխատանքը կը վերահսկուի որոշ համակարգերով եւ արդիւնքներու գնահատման չափանիշներով: Դպրոցը ունի հոգաբարձուներու խորհուրդ, որ կ’ուսումնասիրէ առանցքային խնդիրները: Դպրոցին մէջ ուսուցիչը ազատ է կեանքի կոչելու հետաքրքրական գաղափարներ, դրսեւորելու նոր մօտեցումներ: Այդպիսով կը ձեւաւորուի կրթական իւրայատուկ միջավայր, ուր երեխաները հնարաւորութիւն ունին դրսեւորելու իրենց լաւագոյն որակները: Դպրոցին մէջ կը գործէ հիանալի բազմաձայն երգչախումբ, որ պարբերաբար կը մասնակցի տեղական եւ միջազգային մրցոյթներու՝ արժանի կերպով մրցակցելով արհեստավարժ երգչախումբերու հետ: Երկու տարի անընդմէջ երգչախումբի հմուտ ղեկավար Ա. Կօշկարեանի նուիրեալ աշխատանքի ջանքերով մասնակցած եւ պատուաւոր մրցանակներու արժանացած է «Վերածնունդ» միջազգային փառատօնին: Ունինք յաջողութիւններ առարկայական մրցոյթներու, ինչպէս նաեւ մշակոյթի, մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ: Այսպիսով, դպրոցը իր առօրեայով կ’ապահովէ շարունակական զարգացումը: 

Սրբազանթերեւս կը համաձայնիք, որ կրթական համակարգին մէջ ամենացաւոտ հարցերէն մէկը կրկնուսոյցներու խնդիրն է: Երեխան առանց կրկնուսոյցի մօտ սորվելու չի կրնար ընդունուիլ բարձագոյն ուսումնական հաստատութիւն: Հաշուի առնելով Էօրնեկեան դպրոցի յաջողութիւնները, դասաւանդութեան եղանակի ստոյգ տարբերութիւններըայդ հարցը ի՞նչ մակարդակի վրայ է, այս տարիներուն ընթացքին որոշ յաջողութիւններ ունեցա՞ծ էք

– Մենք աւագ դպրոցներու մէջ այդ խնդիրը ունինք ու տակաւին ամբողջութեամբ չենք յաջողիր յաղթահարել: Այս առումով մի քանի տարի շարունակ աշխատանքներ կատարուած են: Որոշ առարկաներ կան, ուր յաջողութիւն գրանցուած է, իսկ միւսներուն պարագային ալ աշխատանքները կը շարունակուին: Ի թիւս գործարկուող ջանքերու՝ կը կազմուին անհատական դասացուցակներ, դասերը կը կազմակերպուին փոքր խումբերով, կը ձեւաւորուին առարկայական խմբակներ՝ ապահովելու ուսումնական գործընթացին մէջ փոխանցուած գիտելիքներու ամրապնդումը եւ խորացուած անհրաժեշտ գիտելիքներու փոխանցումը:  

Իսկ աշակերտներն ու ուսուցիչները հիմնականօրէն Էջմիածինէ՞ն են, թէ այլ քաղաքներէ ալ կան:

– Այս առումով յստակ սահմանափակում չունինք, բայց աշակերտներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը Էջմիածնի տարածաշրջանէն է, կան նաեւ Երեւանէն մի քանի աշակերտներ, որոնց ծնողները պատրաստակամ են ապահովելու անոնց տեղափոխութիւնը: Ուսուցիչներու պարագային ալ նոյն պատկերն է. մեծ մասը Էջմիածինէն է, ուսուցիչներ ունինք նաեւ Երեւանէն: Նշեմ, որ դպրոցին մէջ երեխաները շատ արագ կ’ընտելանան միջավայրին: Աշակերտական խորհուրդին մէջ յաճախ կ’ընտրուին սաներ, որոնք եկած են այլ հիմնական դպրոցներէ. այսինքն՝ անկախ դպրոցին մէջ ուսումնառելու տարիներէն՝ իւրաքանչիւր աշակերտ իրաւունք կը ստանայ ազատօրէն գործուն մասնակցութիւն ունենալու դպրոցի կեանքին: Դպրոցին մէջ կը գործէ հոգեբանամանկավարժական խորհուրդ, որ կ’ուսումնասիրէ սաներու վարքագծային անցանկալի դրսեւորումները:  Աշակերտներու անմիջական պատասխանատուութեամբ կը մշակուի դպրոցի նոր կայքը: Մեր նպատակն է, որ ստեղծուի այնպիսի հոգեւոր-կրթական միջավայր, ուր երեխաները համակողմանի կրթութիւն ստանան դպրոցական առօրեայի կենսագործունէութեան միջոցով:  

Սրբազան, երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ազդեցութիւն կ»ունենա՞ն դպրոցի ներքին կեանքի վրայ: Օրինակ՝ թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն դասադուլները, ճանապարհներ փակելը, դպրոցի աշակերտներուն վրայ, դասագործընթացի վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կ»ունենար

-Որպէս դպրոցի տեսուչ՝ այդ օրերուն քանիցս հանդիպումներ ունեցած եմ թէ՛ աշակերտերու, թէ՛ մանկավարժներու եւ թէ՛ ծնողներու հետ: Անոնց ըսուած է, որ դպրոցին մէջ աշակերտի առօրեային եւ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ դպրոցը, ուստի արտօնելի չէ ուսումնառութեան ընդհատումը: Բայց եւ այնպէս, ունեցած ենք աշակերտներ, յատկապէս աւագ դպրոցին մէջ, որոնք հաւաքուած ու որոշած են դպրոց չգալ ու երթալ ցոյցի, ինչի մասին իրազեկուած են իրենց ծնողները: Միեւնոյն ժամանակ միշտ խրախուսուած է քաղաքացիական պարտքի զգացումը աշակերտներուն մօտ՝ տարբերակելու արդարը անարդարէն, չարիքը բարիքէն: Սա եղած է մեր հիմնական մօտեցումը այդ օրերուն: Պէտք է արձանագրել, որ մեր աշակերտներու գործուն մասնակցութիւնը քաղաքացիական շարժումի գործընթացներուն երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան առանցքային ձեռքբերումներէն է: Ես միշտ կ’ըսեմ, որ եթէ երկու տարի առաջ արցախեան քառօրեային յաղթեցին մեր հերոս երիտասարդները, ատիկա մեր մանկավարժներու դաստիարակութեան արդիւնքն էր նաեւ, եթէ ամիսներ առաջ յաղթեցին յեղափոխական երիտասարդները, ատիկա նոյնպէս կրթութեան արդիւնքն էր: Այսպիսով, պէտք է նաեւ երախտապարտ ըլլալ դպրոցի ուսուցիչին:  

Սրբազան, ինչպէս գիտէք, «Զարթօնք» օրաթերթը իր գործունէութեան աւելի քան 80 տարիներուն ընթացքին մշտապէս եղած է Մայր Աթոռի կողքին ու անոր դրօշակակիրը: Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականի պահանջով տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը որեւէ կերպ անդրադարձա՞ծ են դպրոցի ներքին կեանքին ու վարկանիշին վրայ

– Վեհափառ Հայրապետը դպրոցի հիմնադրման օրէն միշտ հետաքրքրուած, ապրած է դպրոցի կեանքով, ուրախացած է անոր յաջողութիւններով, մատնանշած թերութիւնները եւ նպաստը բերած շարունակական զարգացման գործին մէջ: Ձեր նշած հարցերը որեւէ ձեւով չեն անդրադառնար դպրոցի կեանքին վրայ. երեխաները անմիջական հաղորդակցութեան մէջ են Նորին Սրբութեան հետ, ծնողները հանդիպումներու ընթացքին հնարաւորութիւն կ’ունենան իրենց հարցադրումներն ու առաջարկները ընելու: Վեհափառը կը հաւատայ դպրոցի առաքելութեան, որ միտուած է հայ պատանիի դաստիարակութեան իր աստուածատիպ նկարագիրի ազնիւ դրսեւորմամբ, մեր ազգի ու եկեղեցիի աւանդած հոգեւոր արժէքներու հաւատարմութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին