«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երեքշաբթի հանդիպում ունեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի հետ Պաապտայի նախագահական պալատի մէջ՝ հետեւելու նոր կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին: Այս մասին կը յայտնեն շարք մը տեղական լրատուամիջոցներ:
Սոյն հանդիպումին մասին հրապարակաւ չէր յայտարարուած՝ զայն հնարաւորինս հեռու պահելով լրատուամիջոցներէ: