«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփը կը պատրաստուի ստորագրելու հրամանագիր, որ կը չեղարկէ գաղթականներու երեխաներուն համար ծննդեան փաստով ամերիկեան քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունքը:
Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Հոկտեմբեր 30ին յայտնած է «Axios» հրատարակութիւնը: «Մենք միակ երկիրն ենք, ուր մարդը կը ժամանէ, երեխայ կ’ունենայ, եւ այդ երեխան ինքնաբերաբար կը դառնայ քաղաքացի՝ համապատասխան բոլոր արտօնութիւններով»,- յայտարարած է Թրամփը հարցազրոյցին մէջ, որ աւելի ուշ լրիւ կը թողարկուի HBO ալիքով: «Այդ մէկը ծիծաղելի է, պարզապէս ծիծաղելի: Եւ պէտք է դադրի»:
Այն հարցին, թէ ինքը կը հասկնայ արդեօք՝ ինչ հակազդեցութեան կը բախուի այդ նախաձեռնութիւնը, Թրամփը յայտարարած է. «Ինծի միշտ ըսած են, որ անոր համար անհրաժեշտ կ’ըլլայ ուղղումներ մտցնել Սահմանադրութեան մէջ: Եւ գիտէ՞ք ինչ: Անհրաժեշտ չէ»: Թրամփի խօսքով՝ անոր համար բաւական կ’ըլլայ նախագահի հրամանագիրը: Ան պարզաբանած է, որ արդէն իր նախաձեռնութիւնը քննարկած է խորհրդականներու հետ: «Անիկա (հրամանագիրը) մշակումի մէջ է: Անիկա (ծննդեան իրաւունքով քաղաքացիութեան չեղարկումը) տեղի կ’ունենայ»,- յայտարարած է Թրամփը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը: