Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Էրտողանը Սպառնացած Է, Որ Թրքական Զինուած Ուժերը Կրնան Անսպասելիօրէն Յայտնուիլ Սուրիական Մանպիժի Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական զինուած ուժերը կրնան օր մը անսպասելիօրէն յայտնուիլ սուրիական Մանպիժի մէջ: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

«Գիշեր մը շատ անսպասելիօրէն կրնանք յայտնուիլ»,- յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:

Էրտողան յայտնած է նաեւ, որ Մանպիժի հետ կապուած ծրագիրը արդէն քննարկուած եւ յստակեցուած է, եւ իրենք մօտ ապագային կրնան գործողութիւններու անցնիլ:

Նախորդ շաբաթ թրքական ԶՈՒն առաջին անգամ գնդակոծած է սուրիական Մանպիժի քրտական դիրքերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին