«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշի Երկուշաբթի յետմիջօրէին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր նշեց, թէ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին ներկայացուցած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ նախարարական պաշտօնի յաւակնող թեկնածուներու ցանկ մը:
Ռիաշի հանդիպում ունեցաւ Հարիրիի հետ, վերջինիս նստավայրին մէջ: Հաղորդենք, որ հանդիպումէն առաջ ԼՈի առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա յայտարարած էր, որ իր կուսակցութիւնը ներկայացուցչութիւն պիտի ունենայ նոր կառավարութեան մէջ: