«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Երկուշաբթի լաւատեսութիւն յայտնեց նոր կառավարութեան մօտալուտ կազմաւորման կապակցութեամբ:
«Բան մը պէտք է տեղի ունենայ այսօր»,- լրագրողներուն ըսաւ Պըրրի: Այս մասին կը հաղորդեն խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Ըստ ամենայնի կը պարզուի, որ կազմաւորման գործընթացը ահաւասիկ կը հասնի աւարտին հնգամսեայ փակուղիէ ետք: