Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ

Ազգային Առաջնորդարանի գերեզմանատուներու բարեզարդման աշխա-տանքներուն հետեւողականութիւնը, կազմակերպուածութիւնը, մնայուն նորոգու-թիւններն ու պիւտճէն ապահովելու նպատակադրումով, Ազգային Վարչութիւնը ճշդեց դամբարաններու եւ դարակներու բարեզարդման տարեկան խորհրդանշա-կան սակագին։

Հաւաքուած գումարը ե՛ւ պիտի ծառայէ գերեզմանատուներու ընդհանուր բարեզարդման ե՛ւ դամբարանի կամ դարակի հերթական մաքրութեան ու նորոգու-թեան։ Առ այդ, դամբարաններու բարեզարդման տարեկան սակագինն է 20 ամերիկեան տոլար, իսկ դարակներունը՝ 10 ամերիկեան տոլար։

Սոյն աշխատանքը ի գործ պիտի դրուի Երեքշաբթի, 1 Յունուար 2019-էն սկսեալ։ Տարեկան վճարումներու դրոյթին ծանօթանալու եւ յաւելեալ մանրա-մասնութիւններ ստանալու համար, մեր հայորդիները կրնան այցելել Ազգային Առաջնորդարան եւ կամ հեռաձայնել 01-258301 թիւին։

Մեր փափաքն է, որ մեր համայնքի զաւակները դրական մօտեցումով ընկալեն այս որոշումը, որուն էական նպատակն է մեր գերեզմանատուներու կարգավիճակին բարելաւումը եւ նորոգութեան ու մաքրութեան մնայուն եղանակի ճշդումը։

  ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին