Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Որո՞նք Էին Պոլթոնի Հայաստանեան Այցի Գլխաւոր Շեշտադրումները

ՆԱՐԵԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ԱՄՆ նախագահ Տ. Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Պոլթոնի այցը տարածաշրջան կը գտնուէր թէ՛ փորձագիտական, թէ՛ հանրային շրջանակներու ուշադրութեան կեդրոնին: Ըստ էութեան, սա 1997էն ի վեր նման մակարդակի ամերիկեան պաշտօնեայի առաջին այցն էր, ինչը կը վկայէ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմի հետաքրքրուածութեան մասին: Ճոն Պոլթոնը, որ զգալի ազդեցութիւն ունի թէ՛ ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան, թէ՛ անձամբ նախագահ Տ. Թրամփի վրայ, Հարաւային Կովկաս ժամանած էր աւելի լաւ ծանօթանալու առկայ իրողութիւններուն, յստակեցնելու տարածաշրջանային երկիրներու մօտեցումները շարք մը հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու ամերիկեան կողմի առաջնահերթութիւնները:

Անդրադառնանք Պոլթոնի հայաստանեան այցին եւ Երեւանի մէջ կատարուած շեշտադրումներուն՝ փորձելով առանձնացնել այցի ծիրէն ներս քննարկուած կարեւոր թեմաները:

 

Ղարաբաղեան հակամարտութիւն

Պոլթոնը իր այցի ծիրէն ներս նախ եւ առաջ խնդիր ունէր յստակեցնելու Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերու մօտեցումները՝ աւելի լաւ պատկերացնելու բանակցային գործընթացի ներկայ փուլը եւ կողմերու տեսլականը: Պոլթոնի յայտարարութիւններէն կարելի է ենթադրել, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը իր կողմէ կ’ընկալուի որպէս տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան նուազեցման հնարաւորութիւն: Աւելին, ըստ իրեն՝ Նիկոլ Փաշինեան արտահերթ ընտրութիւններուն յաղթանակէն ետք ապահովապէս կ’ունենայ բաւական ուժեղ լիազօրութիւն՝ որոշիչ քայլեր կատարելու համար, այդ կարգին՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: 


907
րդ բանաձեւ

Պոլթոնի՝ Ազրպէյճան եւ Հայաստան այցի ընթացքին բարձրաձայնուած է նաեւ «Ազատութեան աջակցութեան քայլ»ի 907րդ բանաձեւի մասին, որ կը հանդիսանայ ԱՄՆի մէջ հայկական լոպպիստական կառոյցներու թերեւս ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը: Այս բանաձեւը կ’արգիլէ ԱՄՆ կառավարութիւն որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերել Ազրպէյճանին, քանի դեռ Պաքուն շրջափակումի մէջ կը պահէ Հայաստանը: 


Իրանական գործօն

ԱՄՆ նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթոնը յայտնի է որպէս Իրանի նկատմամբ կոշտ քաղաքականութեան կողմնակից, որ 2007ին անգամ հանդէս կու գար Իրանի նկատմամբ ռազմական գործողութիւն սկսելու կոչերով: Ան բաւական մեծ դերակատարում ունի Իրանի հետ միջուկային գործարքէն ԱՄՆ դուրս գալու եւ Իրանի նկատմամբ նոր պատժամիջոցներու սահմանման գործին մէջ: 

Իրանի նկատմամբ ամերիկեան սաստկացող պատժամիջոցներու իրադրութեան պարագային, ԱՄՆ պաշտօնեաներու կողմէ վերջին շրջանին կը հնչեն նաեւ հայ-իրանական յարաբերութիւնները վերանայելու անհրաժեշտութեան մասին կոչեր: Բնական է, որ Պոլթոնի այցի  ծիրէն ներս տուեալ հարցը եւս քննարկուած է, եւ հայկական կողմը խնդիր ունէր հնարաւորինս հիմնաւոր կերպով ներկայացնելու առկայ իրողութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ կտրուկ շրջադարձերու կամ հակաիրանական քաղաքականութեան աջակցելու անհնարինութիւնը:

Սուրիոյ մէջ ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւն

Հաշուի առնելով սուրիական ճգնաժամին մէջ ԱՄՆ ներգրաւուածութիւնը, Սուրիոյ մէջ ռազմական ներկայութիւն ունեցող ՌԴ եւ Իրանի նկատմամբ ԱՄՆ քաղաքականութիւնը՝ բնական է, որ Պոլթոնի հայաստանեան այցի ծիրէն ներս քննարկումի առարկայ պէտք է դառնար նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան նախաձեռնութիւնը: ԱՄՆ համար սուրիական ճգնաժամին մէջ երրորդ ուժերու ռազմական ներգրաւուածութիւնը բաւական զգայուն խնդիր է, ուստի կարեւոր էր, որ հայկական կողմը հնարաւորինս համակողմանի ներկայացնէր հայկական մարդասիրական առաքելութեան բնոյթը, ժամկէտները եւ խնդիրները: Ըստ Պոլթոնի՝ ան ստացած է հաւաստիացումներ, որ Հայաստանի առաքելութիւնը կը կրէ ոչ թէ ռազմական, այլ զուտ մարդասիրական բնոյթ: Կարելի է ենթադրել, որ Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութիւնը պիտի գտնուի ԱՄՆ ուշադրութեան կեդրոնին, ուստի հաւանական մարտահրաւէրներէն խուսափելու նպատակով, բաւական կարեւոր է խստօրէն հետեւիլ առաքելութեան ծիրէն ներս սահմանուած խնդիրներուն:

 

Հայամերիկեան օրակարգ

Պոլթոնի այցը Հայաստան բաւական կարեւոր էր նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւններու եւ համատեղ օրակարգի քննարկումի տեսանկիւնէն: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը դրական կ’ընկալուի ԱՄՆ կողմէ եւ, ինչպէս Պոլթոնը յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատարի հետ հանդիպումին, Միացեալ Նահանգները կ’աջակցի նոր կառավարութեան ջանքերուն՝ ուղղուած կաշառակերութեան դէմ պայքարին, դատական համակարգի թափանցիկութեան աստիճանի բարձրացման եւ քաղաքացիներուն առջեւ կառավարութեան հաշուետուողականութեան ծաւալման այնպիսի ուղիներով, որոնք կը յանգեցնեն ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման:

«Արմէնփրես»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին