«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է օրերս Հայաստան այցելած՝ ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնի՝ Հայաստանին զէնք վաճառելու մասին ակնարկին։
«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ ամերիկեան զէնքի վաճառքի առաջարկ ստանալու եւ ռուսական զէնքը ամերիկեան զէնքով փոխարինելու մասին լրագրողի դիտարկումին անդրադառնալով՝ նախարարի պաշտօնակատարը նշած է. «Զէնքի շուկան բաց շուկայ է, ուր ով կրնայ, ինչ կրնայ, ձեռք կը բերէ: Մենք այս պահուն Միացեալ Նահանգներէն ոչ մէկ առաջարկ ստացած ենք»:
Այն հարցին, թէ առաջարկ ստանալու պարագային ի՞նչպէս կ’արձագանգէ հայկական կողմը, նախարարի պաշտօնակատարը պատասխանեց, որ գոյութիւն ունի գին, որակ, մատակարարման ժամանակ։
Հոկտեմբեր 25ին Հայաստան գտնուող ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնը լրագրողներու հետ հանդիպումին նշած էր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները դեռեւս վերջնական որոշում չունի «Ազատութեան աջակցութեան քայլ» 907րդ ուղղումը չեղարկելու վերաբերեալ, որով կ’արգիլուի ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ օգնութիւն տրամադրել Ազրպէյճանին: «Ես չեմ կրնար կանխատեսել, թէ ինչպէս կ’ըլլայ որոշումը»,- ըսած էր Պոլթոնը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը իր զէնքի մեծ մասը ձեռք կը բերէ Ռուսիայէն, Ազրպէյճանը նոյնպէս իր զէնքի 80 տոկոսը ձեռք կը բերէ Ռուսիայէն, ինչպէս նաեւ նշած է, որ ամերիկեան զէնքը ռուսականէն լաւ է: