«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Russia Today» լրատուական կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան կործանիչներ գրոհներ կատարած են Կազայի տարբեր շրջաններուն ուղղութեամբ:
Կը նշուի, որ թիրախ դարձած են յատկապէս պաղեստինեան Կազա շրջանի արեւմտեան հատուածին մէջ գտնուող Խան Եունէսի տարածքը, ինչպէս նաեւ այդ շրջանի ծովափը:
Պաղեստինեան կարգ մը աղբիւրներ նաեւ նշած են, որ վախի մթնոլորտ տիրած է Կազայի «Ինտոնէզիա» անունը կրող հիւանդանոցին շուրջ, երբ կործանիչներ հարուածներ հասցուցած են այդ հատուածին վրայ:
Զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ ցարդ չեն հաղորդուիր:
Իր կարգին Իսրայէլի Զինուած ուժերու խօսնակ Աւեխայ Ատորհի թուիթըրեան իր էջով գրառում մը կատարելով յայտարարած է, որ իսրայէլեան կործանիչներ հարուածներ հասցուցած են Համասի պատկանող աւելի քան 80 դիրքերու ուղղութեամբ: