«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը դադրեցնէ առնուազն 24 F-35 բազմագործառական կործանիչ-ռմբակոծիչներու թռիչքները, որպէսզի վերացնէ անսարքութիւնները վառելիքի մատուցման համակարգին մէջ: Ինչպէս Հոկտեմբեր 25ին յայտնած է «Defense News» թերթը, տեսչական զննութիւնը բացայայտած է միաժամանակ երկու մանրակներ, որոնց աշխատունակութիւնը անհրաժեշտ է ստուգել՝ վթարներէն խուսափելու համար:
Աւելի կանուխ, Փենթակոնը արդէն դադրեցուցած էր այդ տիպի բոլոր ինքնաթիռներու թռիչքները, որպէսզի կատարէ անոնց շարժիչներուն մէջ հաւանական անսարքութիւններու հետազօտութիւն՝ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան Հարաւային Գարոլինայի մէջ F-35Bի կործանումէն ետք:
«Ի լրումն վառելիքափողակի հետ կապուած՝ աւելի կանուխ նշուած խնդիրի բացայայտուած են վառելիքի մատուցման երկու նոր փողակներ, զորս անհրաժեշտ է ստուգել»,- կը մէջբերէ հրատարակութիւնը Փենթակոնի ներկայացուցիչի խօսքը, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը: