Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Վարդարանի Օրհնութիւն Եւ Հաւաքական Աղօթք Մեսրոպեանի Մէջ

19 Հոկտեմբեր 2018ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ միացան աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած իրենց մէկ միլիոն հասակակիցներուն՝ աղօթելու համար Տիրամօր Վարդարանը:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած հաւաքին, Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քհնյ.  Յովհաննէսեան կատարեց Վարդարաններու օրհնութիւն եւ բացատրեց զայն աղօթելու կերպը. հաւաքին մասնակցող Գ.-Զ. դասարաններու մօտ 200 աշակերտներէն իւրաքանչիւրը  ստացաւ իր Վարդարանը: Անոնք խմբովին կատարեցին աւետարանական այս աղօթքը, որ կը ներկայացնէ Սուրբ Կոյսի կեանքին դրուագները Յիսուսին հետ:

Տէր Ռաֆֆի քահանան աշակերտներուն բացատրեց Վարդարանը աղօթելու կերպը, անոր իմաստն ու խորհուրդները, ինչպէս նաեւ անոր նշանակութիւնը` հաւատացեալ քրիստոնեայի կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ մշտապէս աղօթելով քրիստոնեայ մարդը ի վիճակի կը դառնայ  խորանալու Վարդարանի իւրաքանչիւր խորհուրդին մէջ` հետզհետէ աճող երկիւղածութեամբ եւ ակնածանքով: Քահանայ հայրը դիտել տուաւ, որ Վարդարանը հզօր աղօթք մըն է, որուն ընդմէջէն կը հաղորդուինք Տիրոջ` հաւատքի մեր ամբողջ ճանապարհորդութեան  ընթացքին: Ան խորհուրդ տուաւ աղօթել Վարդարանը` ինչպէս անհատապէս, նոյնպէս եւ հաւաքաբար, յատկապէս ընտանիքներուն մէջ:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին