Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Պոլսոյ Մէջ Մեկնարկած Է Համշէնի Հայերէնի Բարբառը Ուսուցանող Դասընթացքներ

Պոլսոյ մէջ գործող համշէնական «Հատիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Համշէնի հայկական բարբառը ուսուցանող դասընթացքներ պիտի տրուին, այս մասին կը տեղեկացնէ Bianet.orgը:

Յայտնի է, որ միութեան անդամներուն ու Համշէնի բարբառը սորվիլ ուզող բոլոր անձերուն այստեղ համշէնահայերէն կը դասաւանդեն համշէնցի մտաւորականներ Մահիր Օզքանն ու Շաբան Ալթայը:

Նշենք, որ դեռ անցեալ տարուընէ «Հատիկ» միութեան շէնքին մէջ սկսած էին համշէնական պարերու ուսուցման դասընթացներ, որոնք կը շարունակուին մինչ օրս:

«Իրականութեան մէջ դասընթացքը մեզի բոլորս միաւորելու միջոց է: Նպատակը միայն լեզուն սորվիլն ու համշէնական մշակոյթը հասկնալը չէ, բուն նպատակը աւելի շատ մեր հայրենի մշակոյթին ու համշէնականութեան շուրջ կեդրոնանալն է: Մեր դռները բաց են բոլոր անոնց դիմաց, որոնց սիրտը կը տրոփէ Համշէնի համար»,- ըսած է միութեան անդամներէն Նեշենուր Ալթունքայա:

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին