Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Յունաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Ուժգին Երկրաշարժը Աւերածութիւններ Գործած Է Զաքինթոս Կղզիին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յունաստանի մէջ 6.4 աստիճանով տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժը բազմաթիւ շէնքեր վնասած է Զաքինթոս կղզիին մէջ, սակայն բարեբախտաբար մարդիկ չեն տուժած: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է Աթէնքի «AMNA» նորութիւններու գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Քաղաքացիական պաշտպանութեան գլխաւոր քարտուղարութեան:

Գլխաւոր հարուածին յաջորդած են տասնեակ յետցնցումներ:

Երկրաշարժէն ետք խախտուած էր ելեկտրամատակարարումը, այժմ անիկա վերականգնուած է գրեթէ ամէնուրեք: Ակիոս Սոսթիս նաւահանգիստին մէջ վնասուած է կառամատոյցը: Ամբողջ կղզիին մէջ կոտրուած են տասնեակ խանութներու եւ տուներու ապակեայ պատուհանները, կան ոչ մեծ վնասուածքեր: Զաքինթոսի բոլոր դպրոցները Հոկտեմբեր 26ին փակ կը մնան:

Նման որոշում ընդունած է Զաքինթոսի քաղաքագլուխ Փաւլոս Քոլոքոցասը: Մասնագէտները կը ստուգեն դպրոցական շէնքերու անվտանգութիւնը: Բացի այդ՝ ստորգետնեայ ուժգին ցնցումներու երկիւղներ կան: Կղզիի բազմաթիւ բնակիչներ գիշերը անցուցած են փողոցը: Եւրոպական-միջերկրածովեան երկրաշարժագիտական կեդրոնի տուեալներով՝ տարերքի արտակեդրոնը կը գտնուէր Աթէնքէն 287 քմ արեւմուտք ինկած շրջանին մէջ, օճախը 10 քմ խորութեան վրայ էր, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

 

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին