Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Մահագրական. Ընկ. Համբարձում Շէհրանեանի Յիշատակին

Սրտի խոր կսկիծով իմացանք մահուան գոյժը իրաքահայ վաստակաշատ ընկ. Համբարձում Շէհրանեանի, որ վերջերս իր մահկանացուն կնքած է Ամմանի մէջ:

Համբարձում Շէհրանեանի ծնած է Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ 1948ին: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն ազգային նախակրթարանին մէջ: Աւարտելէ  ետք, կանուխ տարիքին իր ծնողքին հետ հաստատուած է Պաղտատ, ուր իր երկրորդական ուսումը շարունակած է մայրաքաղաքի «Էլ Շարքիա» վարժարանին մէջ: Ապա Ընկ. Շէհրանեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պաղտատի համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է որպէս ճարտարագէտ:

Շրջան մը շարունակած է ընտանեկան առեւտուրի գործը, ապա հիմնած է իր անձնական տպարանը:

Պատանի տարիքէն ընկ. Շէհրանեան անդամակցած է ՀԲԸՄին եւ եղած է անոր գործունեայ եւ եռանդուն անդամը: Եղած է ՀԲԸՄի պարախումբի անդամ, ապա պարուսոյց: Աւելի ուշ, ստանձնած  է պարախումբի գեղարուեստական յանձնախումբի պատասխանատուութիւնը: Պաղտատի ՀԲԸՄի մէջ վարած է վարչական պաշտօններ: 1990ին ստանձնած է Պաղտատի ՀԲԸՄի փոխատենապետի պաշտօնը եւ ձեռնհասօրէն ղեկավարած է տեղւոյն մասնաճիւղը մինչեւ իր Ամման տեղափոխուիլը:
Համբարձում Շէհրանեան համախոհներու հետ եղած է Պաղտատի մէջ ՌԱԿի շրջանակի հիմնադիրը ու երկար տարիներ հաւատարմօրէն ծառայած է իր սիրած կուսակցութեան:
Հանգուցեալը իր կեանքի ընթացքին եղած է իրաքահայ համայնքի հանրածանօթ ազգայիններէն: Ան իր ազգին եւ եկեղեցիին ծառայած է նաեւ Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան միջոցով:

Համեստ եւ հեզահամբոյր բնաւորութեամբ ընկ. Շէհրանեանի իր շրջապատի յարգանքն ու համակրանքը վայելած է:

Յարգանք ու պատիւ իր անթառամ յիշատակին:

Համբերութիւն ու մխիթարութիւն իր ընտանեկան պարագաներու,  հարազատներուն ու գաղափարի եւ միութենական ընկերներուն:

Կը խոնարհինք իր վաստակին առջեւ:   

«Զ.» 

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին