«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թրքական ոստիկանութիւնը Ատանայի նահանգին մէջ իրականացուած յատուկ գործողութիւններու շնորհիւ Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ նախապատրաստուող ահաբեկչութիւն կանխած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «CNN Turk»ը:
ԻՊը ծրագրած էր ահաբեկչութիւնը իրականացնել Հոկտեմբեր 29ին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրը:
Տեղեկութեան համաձայն՝ ձերբակալուած է ԻՊ 6 անդամ, որոնցմէ մէկը կին է:
Ոստիկանութեան գործողութիւններու եւ ձերբակալուածներու տուեալներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւնները դեռեւս գաղտնի կը պահուին: