«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Ուրբաթ ցաւակցական հեռագիր յղեց Յորդանանի թագաւոր Ապտուլլահ Բ.ին՝ Մեռեալ ծովու յորդանանեան ափի մօտակայքը տեղի ունեցած ջրհեղեղներու հետեւանքով զոհ գացած տասնեակ մարդկանց համար:
Նախագահական յայտարարութեան համաձայն՝ Յորդանանի թագաւորին յղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ Աուն ըսաւ, որ Լիբանանի ժողովուրդը եւս կը բաժնեկցի Յորդանանի ցաւը: «Ձեր այս դժուարին պահուն մենք ձեր կողքին կը կանգնինք՝ ցուցաբերելով ամբողջական նեցուկ եւ զօրակցութիւն»,- ըսաւ Աուն: