«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի որոշում կայացուց չգումարել օրէնսդրական նիստը այնպէս ինչպէս նախատեսուած էր՝ նախընտրելով սպասել նոր կառավարութեան կազմաւորման ի կատար ածումին, ինչ որ տակաւին կը մնայ ընթացքի մէջ:
«Օրէնսդրական նիստի համար թուական նշանակելը ամբողջապէս կապուած էր նոր կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ բեկումնային զարգացումներուն, ինչ որ, յոյսով ենք, պիտի գրանցուին յառաջիկայ մի քանի օրերու ընթացքին»,- ըսաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի: