«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 25ին ընդունած է ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի մամլոյ վարչութիւնը, ողջունելով պատուիրակութեան այցը Հայաստան` Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Ուրախ եմ հիւրընկալել նման բարձր մակարդակի պատուիրակութեան, ինչ որ պատմական է Հայաստանի համար: Շատ կարեւոր է ԱՄՆի հետ ունենալ բարձր մակարդակի շփումներ, եւ մեր կառավարութիւնը կարեւոր կը համարէ հայ-ամերիկեան ակտիւ երկխօսութիւնն ու սերտ փոխգործակցութիւնը»: Վարչապետի պաշտօնակատարը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ նշած, որ այժմ մեր երկիրը կ’ապրի պատմական ժամանակաշրջան: «Սիրոյ եւ համերաշխութեան ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքում տեղի ունեցող գործընթացները հիմնուած են բացառապէս ժողովրդավարական արժէքների վրայ: Այժմ մենք աշխատում ենք, որպէսզի ստեղծենք եւ ամրապնդենք կայուն ու կայուն ժողովրդավարական պետութիւն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` կարեւոր համարելով մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումը, թափանցիկ կառավարաման համակարգի, անկախ դատական համակարգի ամրապնդումը միջազգային գործընկերներու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան արդիւնքով: Ան շեշտած է, որ Հայաստանը հաստատակամ յառաջ կ’երթայ ժողովրդավարութեան զարգացման ճանապարհով, որ մեր հասարակութեան համար ներքին համոզում է եւ արժէք:
Ճոն Պոլթըն շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի ջերմ ողջոյնները: ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը նշած է, որ Հայաստանի համար պատմական նշանակութիւն ունեցող այս ժամանակաշրջանին իրենք կարեւոր կը նկատեն հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը: «Ուրախ եմ Ձեզի հետ քննարկելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող երկկողմ ու տարածաշրջանային հարցերու լայն շրջանակը: Կը շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի մէջ խաղաղ ժողովրդավարական անցումը յաջողութեամբ առաջնորդելու համար: Միացեալ Նահանգներ կ’աջակցի նոր կառավարութեան ջանքերուն` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, դատական համակարգի թափանցիկութեան աստիճանի բարձրացման եւ քաղաքացիներու առջեւ կառավարութեան հաշուետուողականութեան մեծացման այնպիսի ուղիներով, որոնք կը յանգեցնեն ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման»,- ըսած է Պոլթըն:
Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Մասնաւորապէս, անոնք անդադարձած են մեր երկիրներու ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, տնտեսութեան, արդարադատութեան համակարգի, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդլայնման եւ կարեւոր համարած են երկկողմ փոխգործակցութեան նոր թափ հաղորդելուն միտուած հետեւողական քայլերու իրականացում: Այդ առումով, Փաշինեան եւ Պոլթըն ընդգծած են նման բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները աւելի յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը եւ ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը մտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շուրջ: Երկու կողմերը կարեւոր համարած են հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացումը` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս եւ բանակցային գործընթացի համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումը:
Կողմերը քննարկած են նաեւ միջազգային եւ յատկապէս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող շարք մը այլ հարցեր: