ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մեր գործակից «Ասպարէզ» օրաթերթը անցնող Կիրակի օր նշեց իր հիմնադրութեան 110-րդ տարեդարձը։ Ծնած է ան Ֆրեզնօ եւ ներկայիս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Լոս Անճելըսէն՝ Հոլիվուտէն, որպէս միակ հայատառ օրաթերթը մեր համայնքէն ներս։
«Բաղրամեան» սրահին մէջ, աւելի քան 400 հայորդիներու ներկայութեան, «Ասպարէզ» այս առիթով պատուեց նաեւ լոսանճելըսահայ մամուլի երկար տարիներու աշխատակիցներ եւ խմբագիրներ։ Անոնք են՝ Դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան, Մասիս Արարատեան, Տոքթ. Արշակ Գազանճեան, Սարօ Գիւմրեցի (Գէօդակեան), Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լութֆի Թապագեան, Խաչիկ Ճանոյեան, Վահան Ճանսըզեան (Վահանեան), Յակոբ Մարտիրոսեան, Սարգիս Մաճառեան, Սարգիս Մինասեան, Յարութ Սասունեան, Գէորգ Պետիկեան, Վաչէ Սեմերճեան, Նուպար Տէմիրճեան, Օշին Քէշիշեան, Հենրիկ Անասեան եւ Գրիշ Դաւթեան։ «Նոր Օր» այս առիթով իր գնահատանքը կ՚արտայայտէ, ի տես իր նախկին խմբագիրներուն եւ ներկայի գլխաւոր աշխատակիցներուն մեծարումին։
Օրուան հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց Տիկ. Ծովինար Ղազարեան։ Խօսք առին Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, ՀՅԴ ԿԿ-ի կողմէ՝ Դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան, գլխաւոր բանախօս՝ Աթէնքէն, Նազարէթ Պէրպէրեան, «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր՝ Արա Խաչատուրեան։
Երգիչ եւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը խանդավառեցին երեկոն։
Մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները «Ասպարէզ»ի անձնակազմին, անոր ընթերցողներուն եւ համայն քալիֆորնիահայութեան։ Իսկապէս հպարտութիւն է Միացեալ Նահանգներու մէջ հասնիլ նման նուաճումի։ Բազմազգ այս քաղաքին մէջ, վստահաբար քիչեր հասած են նման յաջողութեան։
ՆՈՐ ՕՐ