Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Հարիրի Կը Վերսկսի Կառավարութեան Կազմաւորման Ուղղուած Աշխատանքները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի, վերադառնալով Ռիատ կատարած այցէն, վերսկսաւ կառավարութեան կազմաւորման ուղղուած բանակցութիւններ վարել:
Վերադառնալէն ետք Հարիրի հանդիպում ունեցաւ ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Ֆենիանոսի հետ՝ քննարկելու Լիբանանի մէջ քաղաքական վերջին զարգացումները: Այս մասին կը հաղորդեն Հարիրիի գրասենեակէն:
Նախապէս յայտարարուած էր, թէ հաւանական է, որ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի ուղղուի Պաապտայի նախագահական պալատը հանդիպում ունենալու նախագահ Միշէլ Աունի հետ նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման հարցի քննարկման համար:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին