Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Հայկակ Արշամեան հանդիպում ունեցաւ ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան հետ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ի երեկոյեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նորընտիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան այցելեց ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոն, Ալթատինա, եւ առողջ ու գործնական հանդիպում ունեցաւ ՌԱԿ  Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակի ղեկավարութեան հետ։

Հիւրին կ՚ընկերանար Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գրասենեակի տնօրէն Սարգիս Քոթանջեան։

Շուրջ երկժամեայ զրոյց-հանդիպումը վեր առաւ «Հայաստան» հիմնադրամին արժէքն ու կարեւորութիւնը, որ ներկայիս կրկնապատկուած է նոր Հայաստանի նոր ղեկավարութեան լոյսին տակ։

ՌԱԿ-ի պատասխանատուները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հիմնադրամին, առաջարկելով քարոզչական նոր մօտեցումներ։

Արշամեան նշեց նոր տարազով ներկայանալու իրենց ծրագիրները եւ  մանրամասնօրէն խօսեցաւ արդիական մօտեցումներու մասին, ի միջի այլոց ըսելով, թէ Հիմնադրամը պէտք է հասնի նաեւ Սփիւռքի կարիքներուն։

 

Ձախէն աջ՝ Շուշան Պաղպուտարեան, Կարօ Քիւփէլեան, Գէորգ Գրիգորեան,  Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (ՌԱԿ Շրջ. Վրչ. Ատենապետ), Հայկակ Արշամեան, Յակոբ Նազարեան, Խաչիկ Ճանոյեան, Սարգիս Քոթանջեան եւ Սերգօ Քաջիկեան

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին