«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հոկտեմբեր 25ին ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան ընդունած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ պատուիրակութիւնը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ընտրական գործընթացներուն առնչուող, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:
Պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանած է Դեկտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ կարիքներու գնահատման առաքելութեամբ: