Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Պատիւ Արժանաւորին

Ուրախութիւն էր մեզի իմանալ, որ Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեանի եւ իր ազնուափայլ տիկնոջ զաւակը՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի բնագիտութեան բաժնէն վկայեալ Տիգրանը, Հայրենիքի մէջ հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին, պատուոյ յիշատակութեամբ արժանացած է Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան (Information Technology) Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կրթական մրցանակներու «Լաւագոյն Մագիստրոս» մրցանակը:

«Զարթօնք» միանալով Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմին մշտադալար ճանապարհ եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ Տիգրան Մկրտչեանին: Այս առիթով նաեւ ջերմագոյն շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ մրցանակակիրին արդարօրէն հպարտ ծնողքին՝ մեր սիրելի դեսպանին եւ իր տիկնոջ՝ Տէր եւ Տիկին  Սամուէլ եւ Իզապելլա Մկրտչեաններուն ինչպէս նաեւ իրենց ընտանիքին բոլոր անդամներուն եւ հարազատներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին