«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼը Չորեքշաբթի նշեց ՄԱԿի 73րդ յոբելեանը Նաքուրա շրջանը գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ: Այս մասին յայտարարութեամբ կը հաղորդէ ՄԱԿը:
ԵՈՒՆԻՖԻԼի հրամանատար Սթեֆանօ Տել Քոլ ըսաւ, որ ԵՈՒՆԻՖԻԼի առաքելութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ապահովումն ու խաղաղութեան հաստատումն է»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: