«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները Իսթամպուլի մէջ իրենց գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին մօտ սէուտացի լրագրող Ժամալ Խաշոկժիի սպանութեան փաստը խոստովանած են ճնշումներու ներքոյ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Սէուտական առաջնորդի խօսակցութենէն ետք Սէուտական Արաբիան աւելի հաղորդակից դարձաւ եւ կարեւոր է, որ անոնք թէկուզ ուշ եւ ճնշումի տակ, բայց խոստովանեցան սպանութիւնը: Բոլոր հետաքննութիւններուն կը մասնակցին սէուտացի ներկայացուցիչներ»,- ըսած է Չաւուշօղլուն:
ԱՄՆ Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) տնօրէն Ճինա Հեսպելը Թուրքիա է եւ պիտի մասնակցի Իսթամպուլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան շէնքի մօտ սէուտացի լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սպանութեան գործի հետաքննութեան:
ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ վստահութիւն յայտնած է, որ Ժամալ Խաշոկժիի մահը դաւադրութեան արդիւնք էր, սակայն իրադարձութիւնները սկսան զարգանալ ոչ այնպէս, ինչպէս սկզբնապէս ծրագրուած էր: