«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – World Food Program կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Պիսլի Երկուշաբթի յայտնեց, որ WFPը օրական մէկ միլիոն տոլար կը ծախսէ Լիբանանի մէջ զանազան ծրագիրներու համար: Այս մասին կը հաղորդեն վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակէն, յիշեալ անձնաւորութիւններուն միջեւ հանդիպումէ ետք:
«Մենք կը զբաղինք 750000 սուրիացի գաղթականներով: Ասոր կողքին, մենք կ’աշխատինք Լիբանանի մէջ կարիքաւոր աշակերտներուն օգնելու համար»,- յայտարարութեան մէջ մէջբերուած է Պիսլիի խօսքը: