Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Նախագահ Սարգսեան Ժընեւի Մէջ Կը Մասնակցի Համաշխարհային Ներդրումային Համաժողովին Եւ Crans Montana Միջազգային Ժողովին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հոկտեմբեր 22էն 25 աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն:  Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահը Ժընեւի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿի Առեւտուրի եւ զարգացման ժողովի (UNCTAD) երկամեայ պարբերականութեամբ կազմակերպուող վեցերորդ Համաշխարհային ներդրումային համաժողովին (World Investment Forum 2018), որ այս տարի տեղի կ’ունենայ «Ներդրումներ՝ յանուն կայուն զարգացման» խորագիրով: 

Նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթով հանդէս կու գայ համաժողովի ծիրէն ներս կայանալիք համաշխարհային առաջնորդներու վեհաժողովին:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ կը մասնակցի նաեւ «Crans Montana» միջազգային հեղինակաւոր ժողովի տարեկան 20րդ նստաշրջանի բացումին եւ տեղական ու համաշխարհային անվտանգութեան խնդիրներուն նուիրուած քննարկումներուն հանդէս կու գայ որպէս գլխաւոր բանախօս:

Crans Montana Forumը միջազգային համագործակցութիւնը խրախուսող ազդեցիկ հարթակ է, որուն տարեկան միջոցառումներուն աւելի քան 100 երկրի առանցքային դերակատարներ ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ կը քննարկեն ընկերային, տնտեսական խնդիրներ, անվտանգութեան հետ կապուած կարեւորագոյն հարցեր: 

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին