«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը ՀԱՊԿ ԽՎ պատասխանատու քարտուղար Փիոթր Ռիապուխինի հրաւէրով Հոկտեմբեր 22ին մեկնած է Ս. Փեթերսպուրկ, ուր կը մասնակցի ՀԱՊԿ ԽՎ խորհուրդի եւ լիագումար նիստերու աշխատանքներու կազմակերպման առնչուող խորհրդակցութեան:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ ԱԺ հանրութեան եւ լրատուութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այցի ընթացքին կը նախատեսուի հանդիպում ՀԱՊԿ ԽՎ պատասխանատու քարտուղար Փիոթր Ռիապուխինի եւ ԱՊՀ ՄԽՎ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Օսիբովի հետ:
Այնուհետեւ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը Ռուսիոյ պատմական միութեան նախագահութեան անդամ, «Հայրենիքի պատմութիւն» ֆոնտի գործադիր տնօրէն Կոնստանթին Մոկիլեւսքիի հրաւէրով կը մեկնի Մոսկուա՝ մասնակցելու հայ-ռուսական աւանդական յարաբերութիւններուն, երկու ժողովուրդներու մշակութային առնչութիւններուն եւ պատմական այլ թեմաներու նուիրուած համաժողովին, ուր հանդէս կու գայ ելոյթով: