Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Տեսանկիւն. Երեք Հարցում

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Լիբանան է: Ոգեւորիչ երեւոյթ: Հայրենիքի թիւ մէկ մարդը կ’այցելէ սփիւռքներու սիրտ երկիրը: Արդարացի հպարտութիւն, զգացական հոգեվիճակ, գիրկընդխառնումներ, ծափահարութիւններ, յուզումնախառն աչքեր, սելֆիներ…: Ի միջի այլոց, ամենաշատ սելֆի առնողները նախկին իշխանութիւններէն մետալներ մուրացող պատեհապաշտներն էին անշուշտ…: Անցնինք:

Պրն. Փաշինեանի այցելութիւնը առիթ մըն է այսօր խորհրդածութեանց ու հարցադրումներու: Հարցեր, որոնք կը կարօտին լուսաբանութեան, որոնք պատրաստած էի հարցնել յարգելի վարչապետին Պէյրութի մէջ նախատեսուած հանդիպման մը ընթացքին, որ Հայաստան գտնուելուս պատճառով չկրցայ հարցնել նոյնիսկ հեռակայ կարգով, զայն յետաձգելով այսօրուայ այս սիւնակին:

Դասական սփիւռքի կորիզը կը կազմէ լիբանանահայութիւնը, որուն, մեր կարծիքով,  քոնէ պատասխանատու հատուածը հետաքրքրութեամբ, որոշ մտահոգութիւններով, յոռեգոյն պարագային՝ վերապահութեամբ, լաւագոյն պարագային, որպէս դիտորդ հետեւեցաւ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող թաւշեայ յեղափոխութեան:

Եթէ պահ մը Լոս Անճելըսը իր Կլէնտէյլով (որ, իմ կարծիքով, Երեւանի կցորդ (extension) քաղաք մըն է) դասական սփիւռքներու անդամ սփիւռքահայու առաջնահերթութիւնները բնականաբար տարբեր է հայրենաբնակ հայորդիի առաջնահերթութիւններէն, ինչ կը վերաբերի հայրենիքի իրավիճակին:
Եթէ հայրենաբնակ հայորդիին հացն է ու զայն վաստկելու խնդիրը բնականաբար, սփիւռքահայու առաջնահերթութիւնը հայրենիքի ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆՆ է:

Այստեղէն կը ծագի իմ առաջին հարցումը. Պրն. Փաշինեան ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք ու կ’երաշխաւորէք մեր հայրենիքի կայունութիւնը:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը յեղափոխականներուն (պատրաստ, թէ յանպատրաստից) հասցուց իշխանութեան: Ժողովուրդին մէկ կարեւոր հատուածը յաղթեց, այլ հատուածի մը հաշւոյն: Գաղտնիք մը չէ, որ գետնի թէ ընկերային համացանցի վրայ երեւոյթ հանդիսացած է հակառակութիւնն ու հակագրառումները, փոխադարձ ցեխարձակումներն ու վարկաբեկիչ լեզուն. «ան որ յեղափոխութեան հետ չէ, դաւաճան է՛» հին-նոր հասկացողութիւնը:

Այս իրավիճակը տուն կու տայ իմ երկրորդ հարցումին. Պրն. Փաշինեան ե՞րբ պիտի գայ այն օրը, ուր ազատ քաղաքակիրթ խօսքն ու շինիչ քննադատութիւնը չամբաստանուի, որպէս դաւաճանութիւն ու անոր տէրը չհռչակուի «ժողովուրդի թշնամին»:

Մարդկային պատմութեան մէջ տեղի ունեցած ամէնարիւնալի յեղափոխութիւններն անգամ, ինչ, որ տեղ փորձած են պահպանել նախկին իշխանութեան անդամ կարգ մը կարեւոր դէմքեր, որոնք իրենց մէջ արժէք մը կը ներկայացնեն ու որպէս մարդուժ կրնան յաւելեալ արժէք տալ նոր իշխանութեան: Իմ երրորդ հարցումը կը վերաբերի այս թեմային. Արդեօք, Պրն Փաշինեան օգտուելով ստեղծուած նոր իրավիճակէն (վարչապետի պաշտօնէն հրաժարում եւ հաւանական վերընտրութիւն) պիտի յաջողի՞ յաղթահարել ինքզինք ու վեհանձնութեամբ ու պետական մարդու բարձր գիտակցութեամբ (որմէ, ես կը հաւատամ, որ հեռու չէ ինք), պետական համակարգի մը համար իր ոչ այնքան արհեստավարժ ու անփորձ երիտասարդ խումբը համալրէ, աւելի տարեց ու փորձառու, թէկուզ նախկին իշխանութեան անդամ անձնաւորութիւններով, որոնց մէջ քիչ չէ թիւը յարգուած ու մեծ վաստակ ունեցող անձերու, որոնք աւելի եւս փառք ու յաջողութիւն կրնան պարգեւել նոր իշխանութեան ու մանաւանդ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ներշնչեն սփիւռքահայուն:

Սփիւռքահայը սիրելի վարչապետ հաւատաց 27ամեայ Հայրենիքին: Երազեց, նուիրաբերեց, ներդրում ըրաւ, զոհուեցաւ ու նահատակուեցաւ անոր համար: Եկէք այնպէս մը չընենք կամ չներկայացնենք, որ այդ ամբողջ ժամանակաշրջանը սուտ էր ու անպէտք: Եկէք միասին հիմնենք նորը հինի անարատ մնացած հիմքերուն վրայ:

Մինչ այդ յարգելի վարչապետին կը մաղթենք բարի վերադարձ դէպի հայրենիք եւ յաջողութիւն իր ծանր աշխատանքներուն համար: Մենք կը յուսանք ու կ՛ակնկալենք լաւագոյնը մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին